Ազգը Արթնցած Է Արդէն՝ Սկսելով Պայքարի Վերջնական Փուլին

By Hayrenik | Saturday, 07 May 2022



ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Հայրենիք»

 

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի նշումէն քանի մը օր առաջ էր, երբ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ յայտարարեց իշխանութիւններուն դէմ անդադրում փողոցային պայքարի մեկնարկը: Նոյն օրը Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան գալով «Ազատութեան» հրապարակ յայտարարեց համերաշխութիւնը Վանեցեանի նախաձեռնած այդ քայլին նկատմամբ, ան նշեց, որ այնուհետեւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը ամէն մէկը իւրովի, ամէնօրեայ անդադրում, ապակեդրոն եւ ցանցային շարժումներու ընդմէջէն նոր թափ պիտի հաղորդեն Համազգային դիմադրութեան գաղափարին, որ կը նպատակադրէ դէմ դնել Հայաստանը եւ Արցախը թիրախ դարձնող համաթուրանական նոր նկրտումներուն եւ հեռացնել հայրենիքը պարտութեան եւ յանձնուողականութեան հասցուցած փաշինեանական իշխանութիւնները:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ ապրիլ 23-ի երեկոյեան կազմակերպուած աւանդական ջահերով երթը այն առիթն էր, որ ցոյց տուաւ, թէ հասունցած է պահը Համազգային դիմադրութիւնը անկասելի շարժումի վերածելու՝ մինչեւ անոր առջեւ դրուած հիմնական նպատակներուն իրագործումը: Եւ իրօք, աւանդական ջահերով երթը ոչ միայն բազմահազար հայորդիներու հեղեղ ստեղծեց «Հանրապետութեան» հրապարակէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք, այլ նաեւ համախմբեց խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը մէկ ընդհանուր գաղափարի շուրջ: Հոն էր, որ առաջին անգամ ըլլալով հայրենի ընդդիմադիր շարժումի ներկայացուցիչները որդեգրեցին «Զարթ(ն)ի՛ր լաօ» կարգախօսը: Այս կարգախօսը առնուած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան Տարօնի աշխարհին մէջ ֆիտայապետ Արաբոյի մղած պայքարին նուիրուած եւ Գուսան Ֆահրատի յօրինած «Խուժան ասկեար» կամ «Քաջ Արաբոյի երգ» խորագիրով երգէն: «Զարթ(ն)իր լաօ»-ն ահազանգ է արթննալու, զգաստանալու հայրենիքին եւ ազգին սպառնացող վտանգներուն դէմ: Նոյնն էր երէկ՝ 19-րդ դարու աւարտին ծաւալած ազգային-ազատագրական պայքարին ընթացքին, նոյնն է այսօր, երբ պատահած են մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն աղէտալի պարտութիւնը եւ հետագայ բազմաթիւ ընկրկումները:

Ջահերով երթին մասնակցած բազմութիւնները ազդանշան էին, որ «Դիմադրութեան» շարժումը հասած է իր կազմաւորման վերջնական փուլին: Ասոր ցայտուն դրսեւորումներէն հանդիսացան ապրիլ 25-էն սկսած իրազեկման ամէնօրեայ բազմամարդ երթերը եւ ցոյցերը Երեւանի զանազան շրջաններուն եւ հանրապետութեան այլ քաղաքներուն, ինչպէս՝ Գիւմրիի մէջ: Զուգահեռ, ապրիլ 25-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանշանական իմաստներ կրող զանազան վայրերէ սկսան երկարատեւ քայլերթները: Անոնք սկսան գլխաւորաբար խորհրդանշական չորս ուղղութիւններէ՝ Իջեւան, Տիգրանաշէն, Սարդարապատ եւ Բաշ Ապարան: Այս չորս ուղղութիւններէն քայլերթներուն մասնակիցները, առաւել ճամբու ընթացքին անոնց միացածները Մայիսի 1-ին հասան Երեւան, ուր միացան Դիմադրութեան շարժումին կազմակերպած համազգային հանրահաւաքին մազնակցող բազմահազար ցուցարարներուն, հանրահաւաք մը, որ կոչուած է ըլլալու փաշինեանական իշխանութիւններուն վերջ տալու սկիզբը:

Նախքան Մայիսի 1-ի համազգային հանրահաւաքը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Ապրիլ 30-ին տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նաեւ փակագիծեր բացաւ Փաշինեանի իշխանութեան հեռացումին յաջորդող փուլին մասին, ինչ որ շատ կարեւոր է ուրուագծելու յառաջիկայ ժամանակաշրջանի ընդհանուր պատկերը: Իշխան Սաղաթէլեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Բոլորիս առաջնորդողը հայրենիքի փրկութեան գաղափարն է, քաղաքացիներից որեւէ մէկը չի գալիս հրապարակ՝ ինձ, իմ գործընկերոջը կամ որեւէ քաղաքական ուժի իշխանութեան բերելու։ Մարդիկ դուրս են եկել փողոց, որովհետեւ հասկանում եմ, որ իրենց պետականութիւնը կորցնում են։ Հետեւաբար, սրան (Նիկոլ Փաշինեանին) հեռացնելուց յետոյ յաջորդ կառավարութիւնը չի լինելու մէկ անձի, մէկ կուսակցութեան կամ մէկ առաջնորդի կառավարութիւն, այլ լինելու է արժանիների, արհեստավարժների կառավարութիւն, որը ձեւաւորուելու է պայքարին մասնակցած ուժերի կողմից, եւ այն անձը, ով լինելու է վարչապետ, պէտք է վայելի լայն հանրային վստահութիւն։ Սա խորհրդարանական կառավարութիւն է, Հայաստանում այլեւս մէկ անձի եւ մէկ կուսակցութեան կառավարութիւն պէտք չէ լինի»:

Ուրեմն, հիմա վերջնական փուլին սկիզբը դրուած է բեկումնային պահը յառաջացնելու: Բեկումնային պահը՝ հեռացնելու Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը եւ զայն փոխարինելու իրապէս ազգային դիմագիծով իշխանութիւններով: Բեկումնային պահը, որուն հիման վրայ «Դիմադրութեան» շարժումը պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի թրքացման կանխարգիլումը, այսինքն՝ թրքական պահանջներուն եւ նախապայմաններուն չենթարկուիլը, ինչպէս նաեւ պիտի երաշխաւորուի Արցախի հայկական մնալը, այսինքն՝ Ատրպէյճանի կազմին մաս չնկատուիլը: Ասոնք բոլորն ալ կարեւոր խորագիրներն են յաջորդ փուլին, որ բաւական ճակատագրորոշ է: Անցնող օրերը ցոյց տուին, որ ազգը, «լաօ»-ն արթնցած է, զարթնած է արդէն: Անիկա կը գիտակցի իր եւ հայրենիքի գլխուն կուտակուած վտանգներուն տարողութեան: Հետագայ օրերը սակայն ցոյց պիտի տան, թէ որքանո՛վ ազգին կամքը զօրաւոր է սկսած երթը իր տրամաբանական վերջնարդիւնքին հասցնելու իմաստով: Կասկած չկայ, որ վերջ ի վերջոյ ազգինն է յաղթանակը: Այս ազգը օրհասի ժամանակ Սարդարապատ կերտող հաւաքականութիւն է:

comments

Advertisement