Միացեալ Նահանգները Կը Հրապարակէ Հայաստանի Վերաբերեալ Իր Ռազմավարութիւնը, Որ Ակնյայտօրէն Հիմնուած Է Ամերիկայի Շահերուն Վրայ

By Harut Sassounian - California Courier | Tuesday, 13 September 2022

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ



Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կայքին վրայ տեղադրած է ծաւալուն փաստաթուղթ մը, որուն մէջ նկարագրուած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ 175 երկիրներու, որոնց շարքին՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յառաջիկայ չորս տարիներու յարաբերութիւններու ռազմավարութիւնը։ Հայաստանի վերաբերեալ 16 էջնոց բաժինը թուագրուած է 2 Մայիս 2022: Փաստաթուղթը վերնագրուած է՝ «Համարկուած Երկրի Ռազմավարութիւն»։

Նշեալ ռազմավարութիւնը նպատակներ եւ հարցեր կը սահմանէ՝ արտաքին գործոց նախարարութեան, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի մէջ ծրագրաւորող ամերիկեան պետական այլ մարմիններու միջեւ համակարգուած ու միացեալ ծրագրաւորման ջանքերուն միջոցով։ Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ հիմնական նպատակը Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերու պաշտպանութիւնն է։ Անիկա յստակ ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նպատակն է նուազագոյնի հասցնել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ՝ միաժամանակ առաւելագոյնի հասցնելով Միացեալ Նահանգներու շահերը։ Ասիկա զարմանալի չէ՛, քանի որ բոլոր երկիրները կը ձգտին ընդարձակել իրենց ազդեցութիւնը աշխարհին մէջ։ Նկատի ունենալով ուքրանական պատերազմին մէջ՝ Ռուսիան ընդդէմ Արեւմուտքի առճակատումը, Միացեալ Նահանգներու հակադրութիւնը Ռուսիոյ հանդէպ բազմապատիկ կերպով աճած է: Այս մէկը կը հաստատուի նոյնինքն փաստաթուղթին յայտարարութեամբ. «Միացեալ Նահանգներուն դերը աւելի կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ տարածաշրջանային լարուածութիւնը կը սաստկանայ, ի հետեւանք՝ Ռուսիոյ Ուքրանիա կատարած ներխուժման»:

Բացի հակառուսական իր հեռանկարէն, Միացեալ Նահանգները կը ներգրաւէ Հայաստանը Չինաստանի եւ Իրանի դէմ ունեցած իր թշնամանքին մէջ՝ Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ հետագայ միջամտութեամբ: Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի. «Ուժեղացնել գործընկերներու եւ դաշնակիցներու կարողութիւնը՝ դիմակայելու եւ հակազդելու ազդեցութեան գործողութիւններուն եւ ապատեղեկատուութեան, մասնաւորապէս՝ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի. հակազդել Ռուսիոյ, ՉԺՀի, Իրանի եւ այլ պետութիւններու պետական եւ ոչ պետական դերակատարներու ռազմավարական, սովորական եւ տարատեսակ սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ զարգացող-խանգարող արհեստագիտութեանց, որոնք կը սպառնան Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի ապահովութեան՝ Եւրոպայի մէջ եւ անկէ անդին»:

Միացեալ Նահանգներու փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նսեմացուի Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, քանի որ վերջինիս միւս անդամներն են Պելոռուսը, Ղազախստանը, Ղըրղըզիստանը եւ Ռուսիան: Փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած է. «Հայաստանի մասնակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) կրնայ սահմանափակել առեւտուրը ԵԱՏՄ անդամ չհանդիսացողներու հետ, որովհետեւ անիկա կը համապատասխանէ ԵԱՏՄ վատ ծրագրուած կամ իրականացուած չափանիշներուն, կամ կը ներկայացնէ անհասկնալի փաստաթղթային պահանջներ»։ Ամերիկեան փաստաթուղթին մէջ կը թաքցուի այն փաստը, որ Հայաստան 1 Մարտ 2021ին ստորագրած է «Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը (CEPA)»՝ եւրոպական երկիրներու հետ առեւտրային եւ այլ յարաբերութիւններ բարելաւելու նպատակով։

Նմանապէս, նոյն փաստաթուղթին մէջ կը նսեմացուի Հայաստանի անդամակցութիւնը Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ռազմական դաշինքին, որուն միւս անդամներն են Պելոռուսը, Ղազախստանը, Ղըրղըզիստանը, Ռուսիան եւ Տաճիկիստանը:

Փաստաթուղթի առաջին պարբերութեան մէջ կը կարդանք. «Միացեալ Նահանգներու նպատակն է առաջ մղել ամերիկեան շահերը՝ օգնելով Հայաստանին յաջողութեան հասնելու իբրեւ ապահով, բարգաւաճ եւ ժողովրդավարական երկիր, խաղաղութեան մէջ ըլլալով իր դրացիներուն հետ եւ աւելի սերտօրէն համարկուելու եւրո-աթլանթեան հանրութեան»: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ 2020ի Արցախեան պատերազմին մէջ Հայաստանի կրած պարտութիւնը եւ անոր սահմանին երկայնքով շարունակուող լարուածութիւնը «կը շեշտեն Միացեալ Նահանգներու՝ իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահի, դերն ու դիւանագիտական այլ ջանքերը, բարելաւելու համար Հայաստանի կապերը իր դրացիներուն հետ»: Ասիկա ապակողմնորոշիչ յայտարարութիւն է, որովհետեւ Մինսկի խումբը այլեւս գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ, քանի որ Ռուսիան՝ իբրեւ Մինսկի խումբի երեք համանախագահներէն մէկը, չ՛ընդունիր անոր կենսունակութիւնը, իսկ Ատրպէյճանը բոլորովին կը մերժէ անոր միջնորդական ջանքերը: Միացեալ Նահանգները պարզապէս կ՛օգտագործէ չգործող Մինսկի խումբը իբրեւ գործիք, հակազդելու համար Ռուսիոյ միակողմանի գործողութիւններուն, արցախեան հակամարտութեան մէջ: Երկրորդ պատրուակը, որուն համար Միացեալ Նահանգները միջամտած է Հայաստանի ներքին որոշումներուն, հետեւեալն է. «Օգնել Հայաստանին, որպէսզի կարգաւորէ յարաբերութիւնները իր դրացիներուն հետ», նկատի ունենալով Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, բայց՝ ո՛չ Իրանը: Այս պահուն, Հայաստանի յարաբերութիւնները շատ աւելի կարեւոր են աջակցող Իրանին, քան թշնամական Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ հետ:

Որեւէ թիւրիմացութենէ խուսափելու համար նշեմ, որ ես նոյնքան դէմ եմ Ռուսիոյ անտեղի ազդեցութեան՝ Հայաստանի ներքին գործերուն վրայ. անիկա պէտք չէ ըլլայ որեւէ երկրի ազդեցութեան տակ եւ պէտք է կարենայ կառավարել իր արտաքին յարաբերութիւնները՝ առաւելագոյնի հասցնելու համար ազգային սեփական շահերը: Հայաստանին անհրաժեշտ է բազմակողմանի արտաքին քաղաքականութիւն, բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացում աշխարհի շատ երկիրներու հետ, որոնց շարքին՝ Մերձաւոր Արեւելքի (արաբական երկիրներ, Իրան եւ Իսրայէլ), Ասիոյ (Չինաստան եւ Հնդկաստան), Ափրիկէի, Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ հետ։ Միայն մէկ ուժի վրայ յոյս դնելը, անկախ անկէ, թէ ո՛ր ուժն է անիկա, կրնայ յանգեցնել միայն հիասթափութեան եւ Հայաստանի վրայ անտեղի ազդեցութեան:

Միացեալ Նահանգներու փաստաթուղթին մէջ քանի մը անգամ կրկնուած է, թէ «Հայաստանը ամրապնդած է իր հաւատարմութիւնը դէպի ժողովրդավարական ուղի, որ կը յարգէ օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները, թէեւ աւելի շատ յառաջընթաց կը պահանջէ»։ Բարեբախտաբար, արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդունած է, որ «աւելի շատ յառաջընթաց կը պահանջուի»: Փաստաթուղթին մէկ այլ մասին մէջ, Միացեալ Նահանգները ճշմարտօրէն ընդունած է, թէ «Հայաստանի կառավարութիւնը որոշ քայլերու ձեռնարկած է՝ ընկերային եւ մարդկային իրաւունքներու հետ կապուած մտահոգութիւնները բարելաւելու համար, սակայն յառաջընթացը միանշանակ չէ»։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութեան եկաւ 2018ին՝ որդեգրելով ժողովրդավարական կառավարման իտէալներ։ Դժբախտաբար, ան շեղեցաւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն՝ հաստատելով միանձնեայ բռնապետական իշխանութիւն, կայացնելով կառավարական բոլոր որոշումները՝ նախարարներու խումբին, խորհրդարանին, նախագահին եւ դատարաններուն անունով: Քանի որ Փաշինեան վանած է հայերուն մեծամասնութիւնը, անոր ժողովրդականութիւնը երկրին մէջ չափազանց տուժած է՝ 2018ի ամենաբարձր՝ 80 տոկոսէն իջնելով մինչեւ շուրջ 30 տոկոսի մակարդակը: Անտեսելով մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ ժողովրդավարութեան անկումը Հայաստանի մէջ՝ Միացեալ Նահանգները պարզապէս կը հիասթափեցնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը, մասնաւորապէս՝ ամերիկահայերը, որոնք կասկածի տակ կը դնեն ժողովրդավարութեան հանդէպ Միացեալ Նահանգներու հաւատարմութիւնը, որ կ՛արտայայտուի միայն խօսքով, բայց ոչ գործով:

Երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ Երեւանի մէջ անոր դեսպանատունը կը լռեն Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն դիմաց, ասիկա ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգները, հակառակ իր յայտարարութիւններուն՝ լուրջ չի վերաբերիր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան բարելաւման հարցին հետ: Նմանապէս, երբ Ատրպէյճանը պարբերաբար կը յարձակի եւ կը սպաննէ հայեր, մինչ Միացեալ Նահանգները լարուածութիւնը նուազեցնելու կոչ կ՛ընէ երկու կողմերուն, անիկա կը կորսնցնէ իր վստահութիւնը Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս ապրողներու աչքին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

comments

Advertisement