Ատրպէյճանի Զանգուածային Յարձակումը Հայաստանը Դարձուց Աշխարհի Կիզակէտը

By Harut Sassounian - California Courier | Friday, 23 September 2022

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ



Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի արեւելեան սահմանի ամբողջ երկայնքով ատրպէյճանական զինուժի զանգուածային յարձակումներուն ժամանակ զոհուած է աւելի քան 200 հայ զինուոր եւ խաղաղ բնակիչ: Աւելին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւելեալ տարածքներ զիջած է Ատրպէյճանին:

Ատրպէյճանական կողմին հրահրած այս յարձակումը կը յաջորդէ 2020ի 44օրեայ պատերազմին, երբ Ատրպէյճան բռնագրաւեց Արցախի մեծ մասը եւ սպաննեց հազարաւոր հայ զինուորներ:

Այդ ժամանակէն ի վեր, Ատրպէյճան պարբերաբար յարձակումներ կ՛իրականացնէ Արցախի հայ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ: Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը Հայաստանի սահման ներթափանցած են 12 Մայիս 2021ին եւ մինչեւ օրս կը գտնուին հոն:

Հանդիպելով քաղաքականապէս եւ ռազմական առումով թոյլ Հայաստանին, Ատրպէյճանը՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ, բիրտ ուժ կիրարկելով ճնշում կը գործադրէ՝ կորզելու համար յաւելեալ զիջումներ, որոնք կը ներառեն արցախահայութեան մնացորդներուն վերացումը եւ հայկական աւելի մեծ տարածքներու բռնագրաւումը: Աւելին, Ատրպէյճան բազմիցս պնդած է, թէ Հայաստան պարտի ընդունիլ այն, ինչ ինք կ՛անուանէ «Զանգեզուրի միջանցք», որ կ՛ենթադրէ ատրպէյճանական ինքնիշխանութիւն՝ Հայաստանի հողերէն անցնող ծրագրուած ճամբուն վրայով Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան:

Մինչ Հայաստանի վարչապետը շարունակաբար կը յայտարարէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու եւ Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու իր ցանկութեան մասին, այս երկու թշնամական երկիրները կը շարունակեն սպառնալիքներ հնչեցնել՝ ուժով հասնելու համար իրենց պահանջներուն:

Հայաստան կ՛ակնկալէ պաշտպանուած ըլլալ ՀԱՊԿի կողմէ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն), որուն կազմին մէջ կը մտնեն Հայաստան, Ռուսիա, Պելոռուս, Ղազախիստան, Խըրխըզիստան եւ Տաճիկիստան: ՀԱՊԿ փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագիրը բոլոր անդամներէն կը պահանջէ պաշտպանել իրենցմէ ոեւէ մէկը՝ երբ վերջինս արտաքին ուժի մը կողմէ յարձակման ենթարկուի:

2020ի պատերազմին, ՀԱՊԿն չպաշտպանեց Արցախը, քանի որ անիկա Հայաստանի մաս չէր կազմեր: Թէեւ անցեալ շաբթուան յարձակումը ակնյայտօրէն Հայաստանի տարածքին մէջ էր, ՀԱՊԿն չհասաւ Հայաստանի օգնութեան: Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժերու ներգրաւուածութեան պատճառով, նախագահ Փութին ո՛չ կ՛ուզէ, ոչ ալ կրնայ իր զօրքերը ուղարկել երկրորդ ռազմաճակատ: Ընդհակառակն, Ռուսիա ամէն բան կ՛ընէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելու համար. անոնք Ռուսիոյ համար շատ աւելի կարեւոր են, քան Հայաստանը, յատկապէս այս օրերուն, երբ Ռուսիա մեկուսացուած է արեւմտեան աշխարհէն: Անցեալ շաբաթ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ քանի մը այլ ղեկավարներու հետ հաւաքուած էին Իւզպեքիստանի Սամարկանտ քաղաքը՝ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին: Հայերը յուսալքուած էին Փութինի եւ Ալիեւի խիստ սիրալիր հանդիպումէն եւ Փութինի ու Էրտողանի թեւանցուկ զբօսանքի տեսանիւթերը դիտելէն ետք: Առաջին անգամ Հայաստանի կառավարութեան քանի մը բարձրաստիճան անդամներ իրենց հիասթափութիւնը արտայայտեցին ՀԱՊԿի անգործութեան մասին, այն ատեն, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ներկայի նախագահն է:

Հայաստանի դրացի երկիրներէն երկուքը ցոյց տուած են իրենց հակասական փոխադարձ դիրքորոշումները՝ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք: Իրան իր զօրքերը կուտակած է Հայաստանի հարաւային սահմանին վրայ եւ բազմիցս յայտարարած է, որ անընդունելի է բռնի ուժով Իրան-Հայաստան սահմանի փոփոխութիւնը: Միւս կողմէ, Թուրքիա իր զօրքերը կուտակած է Հայաստանի արեւմտեան սահմանին վրայ, այն բանէն ետք, երբ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ատրպէյճանին՝ անհիմօրէն դատապարտելով Հայաստանը՝ Ատրպէյճանի դէմ յարձակում նախաձեռնելուն համար:

Հայերը գոհ էին այն բանէն, որ միջազգային հանրութիւնը վերջապէս սկսաւ ուշադրութիւն դարձնելու Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ իրականացուած յարձակումներուն: Ֆրանսայի հրաւէրով եւ Հայաստանի խնդրանքով՝ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդը անցեալ շաբաթ երկու նիստ գումարեց, մէկը բաց, իսկ միւսը՝ փակ, քննարկելու համար Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ: Հայերը դժգոհած էին այն բանէն, որ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր բացառապէս Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ՝ անտեսելով Հայաստանի ծանր վիճակը: ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի 15 անդամները (Ֆրանսա, Հնդկաստան, Ալպանիա, Կապոն, Նորվեկիա, Իրլանտա, Քենիա, Չինաստան, Մեքսիքա, Կանա, Պրազիլ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Միացեալ Թագաւորութիւն, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա), ի յաւելումն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ելոյթ ունեցան ռազմական գործողութիւններուն մասին: Միայն Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա իրավիճակը որակեցին յարձակում՝ Հայաստանի սահմաններէն ներս: Խորհուրդին մնացեալ անդամները յորդորեցին Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները՝ առանց Ատրպէյճանը նախայարձակ անուանելու:

Դրական մէկ այլ զարգացում մըն էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի անակնկալ այցելութիւնը Հայաստան, հայամէտ երեք այլ քոնկրեսականներու հետ: Նկատի ունենալով Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿի անգործութեան վերաբերեալ հիասթափութիւնը՝ հայերը ջերմօրէն ընդունեցին Քոնկրեսի ներկայացուցիչը, որ հանդէս եկաւ շատ աջակցող պատգամով՝ դատապարտելով Ատրպէյճանը Հայաստանի դէմ կատարած յարձակումին համար: Առ այսօր Հայաստան այցելած Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն աստիճանի պաշտօնեայ Փելոսին, տեսնուեցաւ արցունքն աչքերուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ: Ան նաեւ խորհրդարան այցելեց, ասուլիս հրաւիրեց եւ հանդիպեցաւ պաշտպանութեան նախարարին ու վարչապետ Փաշինեանի հետ:

Ողջունելի զարգացում մըն է Հայաստանի յարաբերութիւններու ընդլայնումը կարելի եղածին չափ շատ թիւով աջակից երկիրներու հետ: Սակայն ոչինչ կը փոխարինէ Հայաստանի՝ իր սեփական զինեալ ուժերը հզօրացնելու միջոցով պաշտպանուելու կարողութիւնը: Ուրիշ ոչ ոք այդ պիտի ընէ Հայաստանի համար: Հայերը պէտք է հրաժարին այն համոզումէն, թէ զիրենք պիտի փրկէ դուրսի ուժը՝ ըլլայ անիկա ռուսը, թէ ամերիկացին: Ոչ ոք փրկած է եւ ոչ ոք պիտի փրկէ զինք:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

comments

Advertisement