Մեր Պարտաւորութիւնն Է Տեսնել The Promise-ը

By Asbarez | Friday, 05 May 2017

Screen-Shot-2017-02-13-at-1_27_36-PM

ՍԱՅՄԸՆ ՀԱՐՏԻ ՊԱԹԼԸՐ

Սայմըն Հարտի Պաթլըր (Simon Hardy Butler) գրող է եւ խմբագիր, որ կ՛ապրի Նիւ Եորք: Անոր գրութիւնները լոյս տեսած են <<Zagat>>ի <<Adweek>>ի նման հրատարակութիւններուն կողմէ, իսկ իր հարցազրոյցները, ներառեալ Աուշվիչէն երկու վերապրողներու պատմութիւնները, որոնք կարելի է լսել Holocaust Memorial Mesuem-ի կայքէջէն, կարդացուած են անթիւ-անհամար ընթերցողներու կողմէ։

 

***

 

Մեռած մարմիններու կոյտեր: Տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու դիակներ, թխմուած՝ սնտուկներու մէջ: Բռնի ստրկացուած տաժանակիր աշխատուժեր: <<Եօմ Հաշօա>>ն (Հրէական Հոլոքոսթը) գործադրող անզգամներու անառակութիւններուն մասին վկայող արձանագրութիւնները մեզի՝ հրեաներուս, կը պարտադրեն, որ յիշենք մերինին նախորդած սարսափները, զորս հայերուն վրայ գործադրեց Օսմանեան թրքական վարչակարգը՝ 1915ին:

Մեծ ֆիլմ <<The Promise>>ը, այժմ սինեմայի սրահներու մէջ կը ցուցադրէ այդ շրջանի բոլոր պատահարները: Ես երէկ գիշեր տեսայ այդ ժապաւէնը Մենհեթընի՝ ամբոխներուն գոհացում տուող եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սրահին մէջ: Բայց <<The Promise>>ը այդպիսի ֆիլմ չէ՛. վստահօրէն, իրագործուած է մեծ պիւտճէով, եւ անհրաժեշտ է նշել, թէ հոլիվուտեան ուշադրութեան արժանացած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Արտակարգօրէն յուզիչ ֆիլմ մը… Ունի տեսարաններ, որոնք անմոռանալի են. վայրագութիւններ՝ դիտուածէն շա՛տ անդին գացող: Մարդկայնութիւն՝ տրամաբանութենէն հեռո՛ւ: Զօրաւո՛ր, հիմնակա՛ն ֆիլմ:

Իմ հրեայ բոլոր եղբայրներս ու քոյրերս պէտք է տեսնեն զայն:

Մենք կ՛ըսենք՝ <<Never again>>, <<Այլեւս երբե՛ք>>: Այս աղերսանքը գոյութիւն չունէր իր ներկայ ձեւին մէջ, երբ հայերը կոտորուեցան Օսմանեան թուրքերու կողմէ, երբ անոնք բռնի դուրս բերուեցան իրենց տուներէն, երբ իրենց գիւղերը քանդուեցան, երբ իրենց երեխաները սպաննուեցան…

Այդպէս ընելու համար, մենք պէտք է հասկնանք բոլո՛ր ցեղասպանութիւնները, ողջակիզումները՝ հակասեմական կամ այլապէս: Տաժանելի՛ էր մասնաւորաբար Հայկականը, որ տեղի ունեցաւ մերինէն քանի մը տասնամեակ առաջ եւ որուն ընթացքին 1.5 միլիոն հայեր բնաջնջուեցան: Նման չարագործութեան այլեւս տեղ չկայ աշխարհի վրայ:

Արդ, մենք պէտք է առաւել դաստիարակենք մենք զմեզ այս նիւթին կապակցութեամբ: Մենք պէտք է տեսնենք <<The Promise>>ի՝ <<Խոստումը>>ի պէս ֆիլմեր, որպէսզի այլեւս բնա՛ւ չմոռնանք: Ոչ միայն արուեստի գործ մըն է անիկա, այլեւ ուսուցանող գործիք մըն է, ինչպէս <<Schindler՛s List>>ը, որ մէկ այլ ֆիլմային գլուխ գործոց մըն է: Շատ ձեւերով՝ <<The Promise>>ը ունի սարսափելի նիւթաշար (score), հեղինակը՝ Կապրիէլ Եարէտ: Ունի փայլուն դերակատարներ, մասնաւորաբար՝ Օսքար Այզըքը, որ ձեր սիրտը պիտի գրաւէ առաւել քան ոեւէ ուրիշ մը: Ունի անգերազանցելի շարժանկարչութիւն (cinematography), խմբագրում, արտադրական ծրագիր: Ունի նաեւ անվախ ուղղութիւն եւ <<Schindler՛s List>>ի յատուկ բառախաղ. երկուքն ալ ցոյց տուին ամբողջականօրէն վայրագութեան ու անարգ ոճիրներու երկարաձգումը, որ գործադրուեցաւ ցեղասպաններու կողմէ: Երկուքն ալ ցուցադրեցին, ապրեցուցին սարսափը՝ յստա՛կ կերպով: Ահա՛ թէ ինչու երկուքն ալ ճգնաժամային ֆիլմեր են արծաթէ պաստառի պատմութեան մէջ: Ահա՛ թէ ինչու երկուքն ալ պիտի ապրին յաւիտեան:

Ինչպէս <<Schinler՛s List>>ի պարագային, <<The Promise>>ը վարդապետական-յորդորական ֆիլմ չէ: Կերպարները լաւ զարգացուած են: Երկուքին մէջ ալ հերոսներ կան… ներառեալ՝ Հենրի Մորկընթաուը՝ հրեայ-ամերիկացի դեսպանը Օսմանեան կայսրութեան մօտ: Ֆիլմի մէկ տեսարանին մէջ անոր դիմակայումը օսմանեան պաշտօնատարի մը՝ պէտք է արցունք բերէ ձեր աչքերէն: Յիշատակումի այս օրերուն,  մարդիկ, որոնք պայքարեցան արդարութեան համար, ճանաչումի՛ պէտք է արժանանան: Մենք, իբրեւ մարդ, պէտք է գիտնանք, թէ ինչո՛ւ կ՛ընենք այս: Մենք, իբրեւ մարդ, պէտք է ի վիճակի ըլլանք գիտնալու, թէ ի՛նչն է կարեւորը:

Ես թախանձագին կը խնդրեմ, որ իւրաքանչիւր հրեայ մարդ եւ կին տեսնէ <<The Promise>>ը: Ես այս կ՛ընեմ՝ մէկ նախազգուշացումով: Կրնայ ըլլալ, որ դուք տակնուվրայութեան մատնուիք: Կրնայ ըլլալ, որ դուք լա՛ք: Այսուհանդերձ, ես այս բանը կ՛ընեմ նաեւ յիշեցումով մը, թէ այս ֆիլմը տեսնելը կ՛ապահովէ մեզի եւ մեր բոլոր շրջապատողներուն աւելի՛ լաւ աշխարհ մը: Մեզ առաւել լաւ մարդ կը դարձնէ: Մեզ առաւել լաւ յիշողներ կը դարձնէ:

Վստահաբար, բոլոր յիշողութիւնները նոյնը չեն: Այսուհանդերձ, բացառիկները երբե՛ք պէտք չէ մոռնանք: <<The Promise>>ը այս մասին կը վստահեցնէ մեզի: Մենք ալ, մեր կարգին, նո՛յնը պէտք է ընենք։

 

Անգլերէնէ Թարգմանեց՝

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ

 



comments