Ըստ Վէյտրուտին՝ Թուրքիան Պէտք Է Հաշուի Նստի Իր Անցեալին Հետ

By Armen Press | Saturday, 27 March 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Շուէտի Քրիստոնեայ սոցիալիստական դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Փիթըր Վէյտրուտ Մարտ 24ին Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման մը ընթացքին յայտնած է, թէ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին Շուէտի խորհրդարանը քննարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, սակայն ընդունման համար հնարաւոր չէ եղած ապահովել մեծամասնութիւն, որովհետեւ ներկայացուած են շարք մը առարկութիւններ, ինչպէս՝ 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած իրադարձութիւններուն շուրջ բաւարար ուսումնասիրութիւններու բացակայութիւնը։

<<Բաւական ուսումնասիրութիւններ եղան՝ հիմք ընդունելով ոչ միայն հայ կամ թուրք վերլուծաբաններու տեսակէտները, այլեւ անկախ փորձագէտներու: Եւ խորհրդարանի մեծամասնութեան կարծիքը այն է, որ 1915ին կատարուածը Ցեղասպանութիւն է: Կան նաեւ թուրք մտաւորականներ, որոնք կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը>>, յայտնած է Շուէտի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան նախագահը։

Անոր հաւաստումով, առարկութիւններ եղած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: <<Շատ կարեւոր է, որ այդ գործընթացը արդիւնաւէտ ըլլայ, սակայն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը բոլորինն է>>, շեշտած է Փ. Վէյտրուտ, ըստ որուն, եղած են նաեւ առարկութիւններ Շուէտ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ <<Շուէտը միշտ ալ աջակցած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու հարցին: Մենք հիմա ալ կը շարունակենք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ, սակայն Թուրքիան պէտք է հաշուի նստի իր անցեալին հետ>>, ընդգծած է Փ. Վէյտրուտ՝ յոյս յայտնելով, որ Հայաստանն ու Թուրքիան այդ բանաձեւը պիտի օգտագործեն հաշտութեան համար:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետին՝ հայերը Թուրքիայէն վտարելու մասին յայտարարութեան՝ Փ. Վէյտրուտ նշած է, որ երեւոյթը շատ ցաւալի է։ <<Ատիկա սխալ քայլ էր վարչապետին կողմէ: Սակայն այն փաստը, որ ան փորձած է ետ կանգնիլ իր ըսածէն, արդէն որոշ բան մը կը նշանակէ>>, յայտնած է շուէտական կուսակցութեան նախագահը:
Նշենք, որ Փիթըր Վէյտրուտ Հայաստան ժամանած է՝ մասնակցելու համար ՀՅԴի կազմակերպութեամբ Մարտ 25-26ին կայանալիք <<Սոցիալիստական մօտեցումներ Հայաստանի մարտահրաւէրներին, կլոպալ հեռանկարներ-տեղական իրողութիւններ>> թեմայով խորհրադաժողովին։

comments