Ըստ Տաւութօղլուի՝ Սփիւռքի Հետ Հանդիպումը Անպայմանօրէն Այս Այցին Պիտի Չիրականանայ

By Asbarez | Sunday, 04 April 2010

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Ուրբաթ, Ապրիլ 2ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ որոշած է Միացեալ Նահանգներ այցելել եւ մասնակցիլ Ապրիլ 12-13ին կայանալիք հիւլէական ապահովութեան հարցերուն նուիրուած միջազգային ժողովին:

<<Ես պիտի մեկնիմ Ուաշինկթըն։ Քննելու շատ բան կայ>>, յայտարարած է Էրտողան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի օր, իր պարտականութիւններուն պիտի վերադառնայ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանը։

Միւս կողմէ, <<Զաման>> օրաթերթը հաղորդած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Էրտողանի սոյն յայտարարութենէն անմիջապէս առաջ պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ իր ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցին մասին հարցումներուն:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ եթէ Էրտողան Միացեալ Նահանգներ այցելէ, Տաւութօղլուն պիտի ընկերանա՞յ անոր, եւ արդեօ՞ք կը նախատեսուի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայկական Սփիւռքին հետ հանդիպում մը՝ Տաւութօղլու պատասխանած է, որ Միացեալ Նահանգներ մեկնելու պարագային, ինք եւս պիտի ընկերակցի Էրտողանի, իսկ Սփիւռքի հետ հանդիպումը պարտադիր չէ, որ անմիջապէս այս այցելութեան ընթացքին իրականանայ։

<<Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումէն անկախ, կարեւոր է, որ թուրքերը հայերու հետ ամէն տեղ կարենան ըլլալ միասին, կարենան խօսիլ միասին։ Այս տեսակէտէն մեկնած՝ կարեւոր է Սփիւռքի հետ հանդիպումը։ Ասոնք յառաջիկային քննարկուելիք հարցեր են>>, կրկնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։

Նաեւ, Թուրքիոյ վարչապետը Ուրբաթ օր հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիւեւի հետ: Վարչապետը հանդիպման ընթացքին վստահեցուցած է, թէ Թուրքիան Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ պիտի չդաւաճանէ Ատրպէյճանին։

comments