By Asbarez | Sunday, 04 April 2010
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական <<Զաման>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 1915ի իրադարձութիւնները Հայկական Ցեղասպանութիւն ճանչնալու պահանջքով դատարան դիմած Անգարայի փաստաբաններու տան անդամ Պենտիլ Ճելիլ Էզմանի դէմ արդէն իսկ դատ բացուած է:
Պոլսոյ փաստաբաններէն Սերհաթ Քամիլ Զոր, հանրապետական դատախազութեան ներկայացուցած իր դիմումին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող փաստաբանը կը մեղադրէ թուրք ազգը վիրաւորելու, պետական կառոյցներու դէմ սուտ խօսելու եւ փաստաբանի մասնագիտութեան հակառակ գործելու յանցաննքներով:
Դիմումին մէջ փաստաբանը կը նշէ, որ ինք ծնած է Էրզրումի գիւղերէն մէկուն մէջ, որուն շրջակայքի շատ բնակավայրեր կը կրեն հայկական եւ յունական անուններ, սակայն դարասկիզբին ռուսերու նուաճումներուն ժամանակաշրջանին, <<հայերը կոտորած են թուրքերուն>>:
Նշենք, որ թրքական <<Միլլիյէթ>> օրաթերթը հաղորդած էր, թէ Էզման իր դիմումով կը պահանջէ <<ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, դատապարտել Թալիաթ փաշան եւ անուանափոխել ի պատիւ անոր անուանակոչուած բոլոր փողոցները>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ