By Asbarez | Thursday, 15 April 2010
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժնի ղեկավար Ալի Հասանով երէկ յայատարարած է, թէ <<Պաշտօնական Պաքուն դժգոհ է ԱՄՆի՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրի, դիրքորոշումէն>>:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Հասանով նշած է, թէ Ուաշինկթըն յաճախ կողմնակալ դիրքորոշում կ՛որդեգրէ եւ կը պաշտպանէ Հայաստանը:
<<Մենք հրապարաւ կը յայտարարենք, որ դժգոհ ենք Մինսկի խումբի ծիրէն ներս՝ ԱՄՆի գործունէութենէն: Ցաւօք, հայկական լոպիի ազդեցութեան տակ, ամերիկեան շրջանակները կը սատարեն պաշտօնական Երեւանին>>, յայտարարած է Ալի Հասանով:
Ըստ ատրպէյճանցի պաշտօնատարին, ԱՄՆ վերջին շրջանին Հայաստանի ընկերային- տնտեսական խնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրէ՝ ստիպելով հարեւան երկիրներուն, որոնց շարքին՝ Թուրքիային՝ Հայաստանի հետ ստեղծել քաղաքական եւ տնտեսական կապեր:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հանդէպ Անգարայի դիրքորոշման՝ Հասանով նշած է, թէ Պաքուն գոհ է այդ դիրքորոշումէն:
Նոյն օրը, Թերրի Տէյվիտսըն, որ ԱՄՆի դեսպանատան ներկայացուցիչն է Ատրպէյճանի մէջ, անդրադարձած է Հասանովի յայտարարութեան եւ մատնանշած, թէ Ուաշինկթըն հաւասարակշիռ մօտեցում կը ցուցաբերէ Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հարցին գծով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ