Ատրպէյճան Կը Ստանձնէ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 01 May 2012

 

ՊԱՔՈՒ.- Երեքշաբթի, Մայիս 1ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը մէկ ամիսով ստանձնեց Ատրպէյճանը, որուն արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս պատմական իրադարձութիւնը ողջունող յայտարարութիւն մը հրապարակեց:

Ատրպէյճանական «Armenia.Az» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ՄԱԿի տեղեկատուական կեդրոնը՝ կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ քննուելիք հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները եւ հիւլէական զէնքերու տարածումը զսպելու ջանքերը:

Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ Մայիս ամսուան ընթացքին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ բարձր մակարդակի բաց նիստ մը գումարուի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ:

ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի մնայուն ներկայացուցիչ Ակշին Մեհտիեւի ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի համար այս աննախընթաց իրադարձութիւնը պատմական մեծ նշանակութիւն ունի: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ հարցով կարելի պիտի ըլլայ պահպանել միասնութիւնը:

Յայտնենք, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Մայիսին շատ հաւանաբար քննէ նաեւ Իրանի հիւլէական հարցը, մինչ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները լարուած վիճակի մէջ կը գտնուին:

comments