By Marmara | Saturday, 01 May 2010
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի Հայկական բաժնի նախագահ փրոֆ. Քեմալ Չիչեք բանախօսութեան մը ընթացքին պնդեց, որ Հայկական Հարցին մասին Թուրքիա պաշտօնական տեսակէտ չունի։
<<Թող գէշ ըլլայ, բայց թող պաշտօնական թէզ մը ունենանք>>, ըսաւ Չիչեք՝ աւելցնելով. <<Հայկական Հարցին մէջ Թուրքիա լուռ կը մնայ, շատ չի խօսիր, որովհետեւ մենք՝ իբրեւ թուրք ժողովուրդ, եթէ մեր գլխուն գէշ բան մը գայ, զայն մեր մէջ կը նետենք, կը լռենք ու չենք խօսիր։ Մեզմէ կը սպասեն, որ ներողութիւն խնդրենք։ Այո, բայց այս հարցը պիտի փակուի՞ եթէ ներողութիւն խնդրենք։
Եթէ ներողութիւն խնդրենք, հայերուն հետ պիտի եղբայրանա՞նք։ Եթէ այսպէս մտածողներ կան, կը սխալին։ Հայաստանի մէջ պետութիւնը բոլոր պողոտաներուն վրայ կախել տուած է վերտառութիւններ, ուր կը կարդացուի հետեւեալը. <<Ցեղասպանութիւնը ճանչցի՛ր, փոխարժէքը վճարէ՛, հատուցանէ՛>>։ Կը նշանակէ, որ ներողութիւն խնդրելով պիտի չվերջանայ այս խնդիրը։ Հատուցում պիտի պահանջեն>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ