Ըստ Մոսկուայի՝ Ներկայ Պայմաններուն Մէջ Թուրքիան Միջնորդ Չի Կրնար Ըլլալ

By Asbarez | Saturday, 01 May 2010

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Նեսթերենքօ Ուրբաթ, Ապրիլ 30ին յայտարարած է, որ Մոսկուան դէմ չէ Իրանի առաջարկին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու վերաբերեալ:

<<Մենք նման հանդիպման դէմ ոչինչ ունինք։ Եթէ նման հանդիպում կայանայ, ակնյայտ է, որ պէտք է սպասել անոր արդիւնքներուն, որոնցմէ ետք միայն պէտք է խօսիլ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին մէջ իրանական միջնորդութեան մասին>>, ըսած է Նեսթերենքօն՝ խօսելով Արցախի հարցով միջնորդ դառնալու Իրանի առաջարկին մասին:

Նեսթերենքօ ընդգծած է, որ ներկայ փուլին Իրանի առաջարկը կը վերաբերի միայն եռակողմ հանդիպումի մը կազմակերպման։
Միւս կողմէ, Նեսթերենքօ ըսած է, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Թուրքիան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու կազմին մէջ ներառելու մասին պաշտօնական առաջարկ չէ ստաձած Ատրպէյճանէն։

<<Նման խօսակցութեան համար անհրաժեշտ է երկու կողմերու համաձայնութիւնը։ Հաշուի առնելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման կասեցման փաստը, դժուար է նման միջնորդութեան մասին խօսելու հնարաւորութիւնը>>, ըսած է Նեսթերենքօ։

comments

Advertisement