By Asbarez | Tuesday, 08 May 2012
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Քրեմլինի մէջ Երկուշաբթի, Մայիս 7ին տեղի ունեցաւ Մարտի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակ արձանագրած Վլատիմիր Փութինի երդման արարողութիւնը:
Նախորդ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ նորընտիր նախագահին փոխանցեց նախագահական իշխանութեան խորհրդանիշը:
Երդման արարողութենէն ետք, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Վալերի Զօրքին պաշտօնապէս Ռուսիոյ նախագահ հռչակեց Փութինը:
Փութին աւելի ուշ վարչապետ նշանակեց Մետվետեւը:
Այս մէկը պիտի ըլլայ Փութինի նախագահութեան երրորդ նստա-շրջանը, որ պիտի տեւէ վեց տարի:
Ան առաջին անգամ նախագահ ընտրուած է 2000ին եւ վերընտրուած՝ 2004ին, իսկ 2008ին նախագահ ընտրուած էր Մետվետեւը, որ Փութինը նշանակած էր վարչապետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ