By Asbarez | Saturday, 08 May 2010
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մեհմետ Ալի Շահին Հինգշաբթի, Մայիս 6ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ հանրային կարծիքը ցաւ կը զգայ, որ Զուիցերիոյ մէջ պատիժ կը սահմանուի բոլոր անոնց դէմ, որոնք Հայկական Ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանան:
<<Այս իրողութիւնը ցաւալի է, որովհետեւ 1915ի հարցերը պէտք է լուծուին պատմաբաններու կողմէ>>, աւելցուց խորհրդարանի նախագահը, Անգարա այցելող Զուիցերիոյ նահանգներու խորհուրդի (Ծերակոյտի համազօր մարմինը) նախագահ Էրիքա Ֆորսթեր Վանինիի հետ հանդիպման ընթացքին:
Շահին ըսաւ, որ Զուիցերիա այն երկիրն է, որուն անունը թուրք մանուկները առաջին անգամ կը լսեն, երբ կը սորվին, թէ Թուրքիոյ Ընկերային օրէնքը ներշնչուած է Զուիցերիայէն։
Շահին նաեւ յիշեցուց, որ Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան նախագահը 2008ին Թուրքիա այցելած էր, որուն արդիւնքով, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները աւելի սերտացած էին։
Շահին դիտել տուաւ, որ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կապերը աւելի կարեւոր են, քան կառավարութիւններու միջեւ առկայ կապերը։ <<Մեր օրերուն, երկիրները, իրենց յարաբերութիւնները զարգացնելու գործին մէջ աւելի յաճախ կը դիմեն խորհրդարանական դիւանագիտութեան։ Այս պատճառաւ, ձեր այս այցելութիւնը շատ կարեւոր է>>, ըսաւ Շահին։
Շահին ցաւ յայտնեց, որ հակառակ այսքան ուժեղ յարաբերութիւններու գոյութեան, թուրք եւ զուիցերիացի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական խմբակներ չեն հաստատուած. այսպիսի մարմիններ պէտք է հիմնուին ու խորհրդարաններու նախագահներ աւելի յաճախակի հանդիպումներ պէտք է ունենան, պնդեց ան։
Շահին յիշեցուց, որ Զուիցերիոյ մէջ էր, որ ստորագրուեցան Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման արձանագրութիւնները։ <<Ասոր համար իմ երախտիքը կը յայտնեմ, սակայն մենք շատ կը յուզուինք, երբ կը տեսնենք, որ Զուիցերիա կը շարունակէ պատժել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտողները, որովհետեւ 1915ի հարցերը պէտք է լուծուին պատմաբաններու կողմէ ու Զուիցերիոյ մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները արդէն կը նախատեսեն պատմաբաններու յանձնախումբի մը կազմութիւնը>>, ըսաւ Շահին։
Իր կարգին, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլիսէն երեսփոխան Պիրկեն Քելեշ յայտնեց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ հարցեր կրնան գոյութիւն ունենալ, <<բայց ոչ մէկ հարց մեզ այնքան վիրաւորեց, որքան Հայկական Հարցը։ Գիտենք, որ Ցեղասպանութեան պնդումը հիմք չունի>>, ըսաւ Քելեշ ու կրկնեց Թուրքիոյ պաշտօնական այն տեսակէտը, թէ հայերը ռուսերու կողքին կանգնեցան ու օսմանցիներն ալ զանոնք տեղահանեցին, որպէսզի չկարենան օգնել ռուսերուն։
<<Մենք արդէն դատի յանձնեցինք բոլոր անոնք, որոնք տեղահանութեան ընթացքին իրադարձութեանց պատասխանատու էին>>, ըսաւ Քելեշ, որ յայտնեց նաեւ այն կարծիքը, թէ <<հայերուն ձեռք բերած արդիւնքները պարզապէս իրենց ըրած քարոզչութեանց հետեւանքն են>>։
Էրիքա Ֆորսթեր Վանինի այլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արդարադատութեան նախարար Սատուլլա Էրկինի հետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ