Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցը Մտաւ Իսրայէլի Խորհրդարանի Օրակարգ

By Asbarez | Saturday, 08 May 2010

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, <<Ազատութիւն>>.- Հակառակ ատրպեճանական ապատեղեկութեանց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի նախագիծը պիտի չքննուի Իսրայէլի խորհրդարանին կողմէ, խորհրդարանը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28ին քննեց ու 8ի դէմ 12 քուէով եւ մէկ ձեռնպահ քուէով, որոշեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը խորհրդարանի օրակարգին մէջ ընդգրկել: Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկողներուն մէջ կային պաղեստինցի երեսփոխաններ:

Նմանօրինակ քննարկումներ տեղի ունեցած են 2007ին, 2008ին եւ 2009ին, հարցը տեղափոխուած է խորհրդարանի Պաշտպանութեան կամ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբեր, սակայն չէ հասած խորհրդարանի լիագումար նիստին:

Այս տարի, ձախակողմեան <<Մերեց>> կուսակցութեան նախագահ Հայիմ Օրոնի նախաձեռնութեամբ կայացած քննարկումին ելոյթ ունեցաւ վարչապետին ներկայացուցիչը, որ յայտնեց, թէ ցանկալի է օրինագիծի քննարկման շարունակումը, առաջարկելով զայն տեղափոխել Արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովական հարցերու յանձնախումբ: Նախագծի հեղինակ Օրոն, ինչպէս եւ Իսրայէլի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները, կը փափաքին, որ օրինագիծը քննուի Կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբին կողմէ:

Ցեղասպանութեան հարցը խորհրդարանի օրակարգի մէջ ընդգրկելուն դէմ արտայայտուեցան յատկապէս <<Մեր տունը Իսրայէլն է>> կուսակցութեան պատգամաւորները: Այս կուսակցութիւնը կը մեկտեղէ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն եւ մասնաւորապէս Ատրպէյճանէն եկած հրեաները:

Իսրայէլի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Սեւան կը յայտնէ, թէ բանաձեւը կը դատապարտէ 1915-1923ին հայերու դէմ տեղի ունեցած ջարդերը՝ զանոնք <<ցեղասպանութիւն>> որակելով:

comments

Advertisement