By Asbarez | Wednesday, 12 May 2010
ՊԱՔՈՒ.- Ըստ ատրպեճանական <<Թրենտ>> լրատու գործակալութեան, Երեքշաբթի, Մայիս 11ին, Պաքուի մէջ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Անաթոլի Սերտիուքովի եւ Սաֆար Ապիեւի միջեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակին եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերող հարցեր։ Ապիեւ ըսած է, թէ այդ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերը ցարդ ապարդիւն են, եւ անհրաժեշտ է բարձրացնել աշխուժութեան մակարդակը: Ըստ անոր, բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, այլապէս՝ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ կրնայ հասնիլ անբաղցալի մակարդակի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ