Պրայզա Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Կը Նշանակուի

By Eurasianet | Monday, 24 May 2010

ՊԱՔՈՒ, <<Եուրէյժա.նեթ>>.- Ամերիկեան եւ ատրպեճանական դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, իր հակահայ դիրքորոշումներով ծանօթ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա Սպիտակ տան կողմէ նշանակուած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Անոր նշանակումը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ:

Յիշեցնենք, որ լրատուամիջոցները անցեալ տարուընէ ի վեր շարունակ կը հաղորդէին, թէ Պրայզա պիտի նշանակուի Ատրպէյճանի մօտ դեսպան, սակայն այդ լուրը կը հերքուէր:

Պրայզա նշած է, թէ հարաւային Կովկասը հարազատ է իրեն եւ գոհ պիտի ըլլայ այնտեղ աշխատելով:

Յայտնենք, թէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց եւ յատկապէս նախագահ Իլհամ Ալիեւի ու արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ մօտիկ կապեր ունեցող Պրայզայի կինը թուրք քաղաքական մեկնաբան Զէյնօ Պարանն է:

Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը թափուր կը մնայ գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր:

comments