* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Էրտողան Իրանի Հիւլէական Հարցով Կը Խօսի Փութինի Եւ Օպամայի Հետ

Monday, 24 May 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, iran, brazil, nuclear, usa, russia

ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական <<ՀապերԹիւրք>>ը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Մայիս 19ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռախօսային զրոյցներ ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Հեռախօսազրոյցները տեղի ունեցած են թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Էրտողան հեռաձայնած է նախ իր ռուս պաշտօնակիցին, ապա՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահին։

Զրոյցներու ընթացքին կողմերը քննած են իրանեան հիւլէական հարցը, Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցները եւ քանի մը օր առաջ Թեհրանի, Անգարայի եւ Պրազիլիայի միջեւ ստորագրուած հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման մասին պայմանագիրը։ <<Իրանի հետ ստորագրուած համատեղ համաձայնագիրը երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան յաղթանակ է։ Ընձեռուած այս հնարաւորութենէն կարելի է օգուտ քաղել։ Հարցը պէտք է լուծել երկխօսութեան ճանապարհով>>, Փութինի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Էրտողան։

Ռուսիոյ վարչապետը պատասխանած է, որ <<Թուրքիոյ ջանքերը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն։ Անպայման հաշուի կ՛առնենք>>։

Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ զրոյցի ընթացքին Էրտողան ըսած է. <<Մեր տարածաշրջանին մէջ հիւլէական զէնքի գոյութեան դէմ ենք։ Ձեռք բերուած համաձայնագիրը փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի զարգացման տեսանկիւնէն կարեւոր քայլ է։ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ռազմավարական գործընկերներ եւ բարեկամներ, իրարու պէտք է վստահին եւ աջակցին>>։

Օպամա, իր կարգին ընդգծած է, որ Իրանը պէտք է կատարէ միջազգային պարտաւորութիւնները, հակառակ պարագային, Թեհրանի դէմ նոր պատժամիջոցները անխուսափելի պիտի ըլլան։

Չորեքշաբթի օր Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու վերաբերեալ նոր նախագիծը ՄԱԿի մօտ ամերիկեան պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած էր ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած էր, որ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատման հարցին շուրջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է։

Ռուսական <<Ինթերֆաքս>> լրատու գործակալութեան համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւորով յոյս յայտնած է, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատող նախագիծին շուրջ միաձայնութիւն գոյանայ։

Նաեւ, թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրք-ամերիկեան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի նախագահ եւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց հարցերով փոխնախագահ Սուատ Քընըքլըօղլու Չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու Միջին արեւելեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին, անդրադառնալով Թուրքիոյ, Պրազիլի եւ Իրանի միջեւ կնքուած հիւլէական վարելանիւթի համաձայնութեան՝ յայտնած է, որ Թուրքիա յուսախաբ եղած է Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան աշխարհի հակազդեցութենէն։
Վերջապէս, Ռուսիոյ հիւլէական ուժանիւթի <<Ռուսաթոմ>> ընկերութեան տնօրէն Սերգէյ Քիրիյենքօ Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ Պուշեհրի մէջ գտնուող Իրանի առաջին հիւլէակայանը Օգոստոսին պիտի սկսի գործելու:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement