By Asbarez | Sunday, 06 June 2010
ՊՈԼԻՍ.- Թուրք յայտնի լրագրող եւ վերլուծաբան, <<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>>ի գլխաւոր խմբագիր Մեհմետ Ալի Պիրանտ, aանդրադառնալով <<Ազատութեան նաւատորմիղ>>ին վրայ իսրայէլեան յարձակումին՝ կը գրէ, թէ այդ իրադարձութեան պատճառով ոչ միայն թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները վնաս պիտի կրեն, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը պիտի փոխուի եւ նոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի:
Ան նաեւ կը գրէ. <<Թուրքիա պէտք է ակնկալէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը։ Իսկ հրէական լոպին շատ դիւրութեամբ այս բնագաւառին մէջ կրնայ յաջողութիւններ արձանագրել։ Ակնկալելի է նաեւ, որ Իսրայէլ իր գործունէութիւնը աշխուժացնէ Քրտական բանուորական կուսակցութեան հարցին մէջ։ Իսկ թէ ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ տեղի ունենալ՝ դժուար է ըսել։ Սակայն, շատ հաւանաբար, <<Մոսատ>>ը շարք մը բնագաւառներու մէջ իր գործունէութիւնը պիտի ընդարձակէ>>։
<<Իսրայէլի ձեռքին մէջ մէկ այլ կարեւոր զէնք կայ՝ Ուաշինկթընի վրայ ազդեցութիւնը։ Հրէական լոպին, օգտուելով ամերիկեան լրատուամիջոցներուն եւ վարչակազմի բոլոր կառոյցներուն հասնելու իր կարողութենէն՝ պիտի փորձէ աւելի եւս խորացնել Անգարա-Ուաշինկթըն հակասութիւնները>>, կը գրէ Պիրանտ՝ իբրեւ օրինակ տալով Իրանի հարցին մէջ ստեղծուած տարակարծութիւնները:
<<Շատ կարեւոր է, որ Թուրքիա նոր նաւախումբեր չուղարկէ, նուազեցնէ իր կոշտ յայտարարութիւններու թիւը ու խօսի այնքան, որքան կրնայ ընել: Անգարա պէտք է ուշադիր ըլլայ, որ հանրութենէն ներս գոյութիւն ունեցող հակազդեցութիւնը չանցնի թոյլատրելիի սահմանէն անդին>>, կ՛եզրափակէ Պիրանտ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ