* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Ուաշինկթըն Իսրայէլի Նկատմամբ Աւելի Հաւասարակշռուած Մօտեցում Կ՛ուզէ

Sunday, 06 June 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, israel, usa

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>>.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի յայտնեց, որ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ Իսրայէլի յարձակումը դատապարտող եւ միջազգային հետաքննութիւն պահանջող ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին Յունիս 2ի որոշումը <<անպատշաճ>> քայլ մըն էր։

Խօսելով այդ որոշումին դէմ քուէարկելու Ուաշինկթընի որոշումին մասին՝ Քրաուլի յայտնեց. <<Կը հաւատանք, որ Իսրայէլ այս հետաքննութիւնը կատարելու լաւագոյն դիրքին վրայ կը գտնուի։ Կ՛ուզենք ապահովել, որ հաւաստի հետաքննութիւն մը ըլլայ, եւ պիտի շարունակենք Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու հետ հաւանական միջազգային մասնակցութեան մասին խօսիլ>>։

Անդրադառնալով դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութեան առաքելութիւն կազմակերպած թրքական մարդասիրական կազմակերպութեան ու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու միջեւ կապերու լուրերուն՝ Քրաուլի ըսաւ. <<Գիտենք, որ այդ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները անցնող երեք տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Կազայի մէջ հանդիպում ունեցած են <<Համաս>>ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Սակայն կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի նկատուիր>>:

Պատասխանելով Կազայի շրջափակման մասին հարցումի մը՝ ան ըսաւ. <<Կը զօրակցինք Կազայի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումի ընդարձակման։ Նաեւ կ՛ընդունինք, որ Իսրայէլ ապահովական արդարացի մտահոգութիւններ ունի, նկատի ունենալով, որ վերջին ամիսներուն եւ տարիներուն Կազայէն յարձակումներ կատարուած են>>:

Քրաուլի նաեւ ըսաւ, որ <<Կը զօրակցինք հետաքննութեան մը, որ կը համապատասխանէ միջազգային արժեչափերուն>>։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտըն յայտնեց, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի կասեցնելու Կազա մեկնող նաւերը։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement