Թուրքիա-Սուրիա-Լիբանան-Յորդանան Առեւտուրի Ազատ Գօտի

By Asbarez | Monday, 14 June 2010

ՊՈԼԻՍ, <<Անատոլու>>.- Թուրք-արաբ համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով 3րդ ժողովը Ուրբաթ, Յունիս 11ին որդեգրեց յայտարարութիւն մը, որ կը պարունակէ Իսրայէլի դատապարտում եւ կ՛անդրադառնայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Կիպրոսի հարցերուն։ Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին դէմ իսրայէլեան յարձակումը հետաքննելու միջազգային անկախ յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի, եւ Կազայի շրջափակման վերջ պէտք է տրուի, շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:

Յայտարարութեան 8րդ յօդուածը կը յայտնէ, որ Թուրքիա եւ արաբական երկիրները Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւն հաստատելու առնչութեամբ նոյն կարծիքը ունին եւ արեւելեան Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութիւն մը հաստատելու գաղափարին համամիտ են: Յայտարարութիւնը գոհունակութիւն կը յայտնէ հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման շուրջ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Պրազիլի միջեւ գոյացած համաձայնութեան հանդէպ, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ զօրակցելու այդ համաձայնութեան։ Կիպրոսի հարցով կը նշուի, թէ ժողովին մասնակիցները ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի առաքելութեան ծիրին մէջ արդար լուծում մը կը նախընտրեն։

Պոլսոյ մէջ կայացած այս ժողովին ընթացքին նաեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ «ապրանքներու եւ անձերու ազատ շրջանառութեան գօտի» մը ստեղծելու շուրջ։

Համախմբումի յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 2011ին, Մարոքի մէջ։

comments

Advertisement