<<Ֆրաթ» >>րատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի <<Պար-Իլան>> համալսարանէն դասախօսներ Եոսի Քատզ, Տէյվիտ Եորիել, Եաքով Քատզ եւ Միացեալ Նահանգներու <<Ճորճթաուն>> համալսարանէն փրոֆ. Օֆեր Իսրայէլ, նամակով մը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին դիմած են՝ նշելով, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ պէտք է կայացնեն ճիշդ որոշում, այսինքն՝ 1915ի իրադարձութիւնները պէտք է պաշտօնապէս ճանչնան իբրեւ ցեղասպանութիւն։
<<Մենք կը դատապարտենք թրքական կառավարութեան երկերեսութիւնը: Թուրքիա, հակառակ Իսրայէլի հետ ստորագրուած բոլոր համաձայնագիրներուն, վճռականօրէն կը կողմնորոշուի Իսրայէլի թշնամիներուն ի նպաստ։ Ժամանակն է, որ Իսրայէլը ինք ստանձնէ նախաձեռնութիւնը եւ պատշաճ պատասխանը տայ իր դէմ իրականացուող բոլոր յարձակումներուն>>, կը նշեն հրեայ դասախօսները։
Նամակին մէջ ակնարկ կայ նաեւ քրտական հարցին։ <<Անգարան Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ բնակող քիւրտ ժողովուրդին պէտք է տայ ինքնավարութեան կարգավիճակ>>, կը նշուի նամակին մէջ։