Աքչամ Արեւմուտքին Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Friday, 15 June 2012

Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող առաջին թուրք պատմաբան, ընկերաբան Թաներ Աքչամ, ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամային եւ Եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Միլլիյէթ»ը, Աքչամ մասնակցած է Ուաշինկթընի մէջ կայացած քրիստոնէական միջազգային համերաշխութեան նուիրուած ձեռնարկին եւ խօսած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Ան կոչ ուղղած է Թուրքիոյ մէջ 1915ին տեղի ունեցածը որակելու իբրեւ ցեղասպանութիւն եւ խրախուսելու Թուրքիան, որ Գերմանիոյ օրինակով՝ փոխհատուցում կատարէ:

comments