By Asbarez | Friday, 15 June 2012
ՊՈԼԻՍ.- «Ակօս» թերթը կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ Կանաչներ կուսակցութեան փոխնախագահ Ճեմ Օզտեմիր խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը: Պոլիս իր այցելութեան ընթացքին, գերմանական կուսակցութեան թրքածին ղեկավարը «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի թրքական սպասարկութեան յայտնած է, թէ 2002 եւ 2007 թուականներու խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին իշխող կուսակցութեան ապահոված յաղթանակներէն ետք, բարեփոխումներու ընթացքը դանդաղած է:
Ազատութեանց եւ ժողովրդավարութեան վիճակը բարելաւելու տեսանկիւնէն՝ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը փաստեն, որ Թուրքիան աստիճանաբար կը հեռանայ բարեփոխումներու գործընթացէն: Օզտեմիր նշած է նաեւ, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը սխալ մարտավարութեան արդիւնք է:
«Թուրքիա, իր դիմագրաւած ներքին խնդիրներով, չի կրնար օրինակ ծառայել շրջանի երկիրներուն՝ ժողովրդավարութեան տեսանկիւնէն», ըսած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ