Նալպանտեան Բաժակին Չկրցաւ Տիրանալ՝ Ինքզինք Զսպել Չկարողանալուն Պատճառով

By Asbarez | Monday, 18 June 2012

ԼՈՆՏՈՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Աշխարհի թենիսի աստղերէն եւ ներկայիս 39րդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Կիրակի, Յունիս 17ին, Լոնտոնի «Քուինզ Քլապ» թենիսի մրցաշարքի տիտղոսին տիրանալու սեմին կը գտնուէր, երբ գնդակի մը դուրս ելլելէն ջղայնացած՝ յանկարծ ուժեղ կից մը զարկաւ եզերքը նստող իրաւարարներէն մէկուն ոտքին առջեւ դրուած ծանուցումի ցուցատախտակին։ Ցուցատախտակը զարնուեցաւ իրաւարարի ոտքին եւ վիրաւորեց զայն: Գլխաւոր իրաւարարը որոշեց կասեցնել մրցումը եւ յաղթական հռչակեց խրուաթ Մարին Չիլիչը:

Նալպանտեան, որ աւելի ուշ ներողութիւն խնդրեց իր արարքին համար, տիտղոսի կողքին նաեւ կորսնցուց այն 150 կէտերը, որոնք պիտի բարելաւէին իր դասաւորումը, ինչպէս նաեւ՝ աւելի քան 110,000 տոլար: Ան նաեւ 12,560 տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ, իսկ Անգլիոյ ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն մը բացած է անոր դէմ:

comments