Թուրքիոյ ԱԳ Նախարարութիւնը Կ՛ողջունէ Յայտարարութիւնը

By Armen Press | Tuesday, 14 July 2009

ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ ինք կ՛ողջունէ եւ հաւանութիւն կու տայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն կատարած յայտարարութեան:

Նշեալ նախարարութեան անցեալ Շաբաթ կատարած այս յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ յայտարարութիւնը կը հիմնուի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն վրայ, որոնք 2007 թուականի Նոյեմբերին ներկայացուած էին այդ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ:

Միանգամայն բնական է այդ սկզբունքներուն նկատմամբ երկու կողմերու մօտեցումներուն մէջ նրբերանգներուն առկայութիւնը: Այդ հարցին մէջ կարեւորը կառուցողական մօտեցումն ու միասնական կարծիքներն են: Եթէ հաշուի առնենք այն կարեւոր նշանակութիւնը, զոր հարցին կու տան համանախագահները, անոնք մօտ ժամանակներս պէտք է աւարտեն հանդիպումները այդ հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ եւ խաղաղ ճանապարհով լուծեն այդ հակամարտութիւնը, որ դարձած է ոչ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի ցաւը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ, ԱՄ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարները Ակուիլայի մէջ համատեղ յայտարարութիւն մը ընդունած են ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ: «Մենք կը յանձնարարենք մեր միջնորդներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն ներկայացնել 2007 թուականի Նոյեմբեր 29ի Մատրիտի փաստաթուղթի նորացուած տարբերակը, որ կը բովանդակէ հիմնական սկզբունքներուն ձեւակերպման վերաբերեալ համանախագահներուն վերջերս կատարած առաջարկները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Մենք կոչ ենք անում Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն, հարթելու մնացած քանի մը տարաձայնութիւնները եւ աւարտելու այդ հիմնական սկզբունքներուն համաձայնեցումը, որոնք կը դրուին համապարփակ կարգաւորման ծրագրի հիմքին վրայ», կը նշուի Ակուիլայի մէջ ընդունուած փաստաթուղթին մէջ:

comments

Advertisement