Ատրպէյճան Ռուսական «Քալաշնիքով»ը Պիտի Փոխարինէ Իսրայէլեան Զէնքով

By Asbarez | Monday, 18 June 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ժամ».- Ատրպէյճանական «Սալամ Նիուզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ատրպէյճան ռուսական «Քալաշնիքով»ը պիտի փոխարինէ իսրայէլեան «Թաւոր» զէնքով։ Զէնքի մատակարարումը պիտի կատարէ «Իսրայէլ Էրոսփէյս ինտըսթրիզ»ը։ Մտադրութիւն կայ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ գործարան կառուցելու։

5.56 մմ. տրամաչափի «Թաւոր» ինքնաձիգը կ՛արտադրուի «Իսրայէլ միլիթըրի ինտըսթրիզ»ի կողմէ։

comments