By Asbarez | Thursday, 21 June 2012
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Յունիս 21ին յայտարարեց, թէ Անգարա որոշած է ամբողջութեամբ վերականգնել Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները, որոնք մասնակի կերպով խզուած էին անցեալ Դեկտեմբերին, երբ Ֆրանսայի մէջ վաւերացուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը:
Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը աւելի ուշ հակասահմանադրական համարած էր օրինագիծը, սակայն Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ եւ այլ պաշտօնատարներ խոստացած են առաջադրել նոր օրինագիծ մը, որ համապատասխան ըլլայ Ֆրանսայի սահմանադրութեան, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ուրացումը կասեցնելու նպատակով:
Տաւութօղլու յայտնեց, թէ նշեալ որոշումը տրուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ, Պրազիլի մէջ Ֆրանսայի նախագահին հետ տեղի ունեցած «դրական» հանդիպումէ մը ետք:
Էրտողան նաեւ Հոլանտը Թուրքիա հրաւիրած է՝ ըսելով, թէ վերջին քսան տարիներուն Ֆրանսայի ոչ մէկ նախագահ պաշտօնապէս Անգարա այցելած է:
Տաւութօղլու աւելցուց, թէ Յուլիս 5ին Փարիզ պիտի այցելէ, երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ