By Asbarez | Wednesday, 27 June 2012
ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Չորեքշաբթի, Յունիս 27ին, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ստորագրեցին միջկառավարական համաձայանգիր մը՝ 7 միլիառ տոլար արժող կազատար մը կառուցելու վերաբերեալ:
Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ էին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Էրտողան յայտարարեց, որ համաձայնագիրը աւելիով պիտի խորացնէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները: «Թանափ» ա-նունով մկրտուած կազատարը ատրպէյճանական բնական կազը Վրաստանի եւ Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա պիտի հասցնէ:
Ատրպէյճանի պետական «Սոքար» ուժանիւթի ընկերութիւնը պիտի ըլլայ կազատարի ընկերութեան 80 տոկոսին սեփականատէրը, մինչ թրքական պետական ուժանիւթի երկու ընկերութիւններ 10ական տոկոոսի մասնաբաժիններ պիտի ունենան անոր մէջ:
Կ՛ակնկալուի, որ կազատարի կառուցումը ամբողջանայ 2020ին, որմէ ետք անիկա կարողութիւնը պիտի ունենայ տարեկան 16 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ փոխադրելու: Աշխատանք պիտի տարուի նաեւ փոխադրուող կազին ծաւալը տարեկան 31 միլիառ խորանարդ մեթրի բարձրացնելու՝ մինչեւ 2026 թուական:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ