By Asbarez | Tuesday, 13 July 2010
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ այլ բարձրաստիճան ղեկավարներու կողքին, յարգանքի տուրք մատուցելու համար Սրեպրենիչայի մէջ զանգուածային կոտորածներու զոհերու յիշատակին, Կիրակի երեկոյեան յայտարարեց, թէ Թուրքիա երբեք պիտի չմոռնայ մահմետական շուրջ ութ հազար տղամարդոց կոտորածը պոսնիական Սրեպրենիչա քաղաքին մէջ, եւ թոյլ պիտի չտայ, որ ուրիշները ատիկա մոռնան, որպէսզի աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ այլեւս ցեղային մաքրագործումներ չկրկ-նուին։
Ընդգծելէ ետք, թէ տեղի ունեցածը Լա Հէյի դատարանին կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ցեղասպանութիւն, Էրտողան աւելցուցած է. «Ատիկա ծանր հարուած էր համայն մարդկութեան արժանապատութեան, եւ սեւ կէտ՝ ոչ միայն Պալքաններու, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպայի պատմութեան մէջ»։
«Սրեպրենիչայի զոհերը հերոսներ էին, որոնք իրենց կեանքերը կորսնցուցին յանուն հայրենիքի, պատուի ու մարդկութեան, եւ սպանուեցան դաժան, արիւնալի ու անօրէն պատերազմի մէջ» յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ «Հակառակ այդ տառապանքներուն, մենք այսօր տեսանք պոսնիացի կին մը, որ սեղմեց Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի ձեռքը, թէեւ սերպ զինուորականները 15 տարի առաջ սպաննած էին իր ամուսինն ու երկու որդիները։ Ես արիութիւն ու արժանապատուութիւն տեսայ այդ կնոջ աչքերուն մէջ, սակայն ոչ ատելութիւն, եւ կը մեծարեմ զայն՝ այդ իր վարքագիծին համար»։
«Ասիկա այն բանն է, որուն պէտք ունինք համաշխարհային խաղաղութեան հասնելու համար, աշխարհը նման մայրերու եւ կանանց կարիքը ունին», շեշտած է Էրտողան եւ ընդգծած. «Մենք գիտենք, որ նոյնիսկ մէկ մարդու մահը ամբողջ մարդկութեան մահուան նման է, մեր քայլերը ճիշդ այդ ընկալման վրայ հիմնուած են, բայց եւ այնպէս, մենք կը պնդենք՝ խաղաղութիւն, խաղաղութիւն, խաղաղութիւն»։
Անդրադառնալով խաղաղութեան ուղղուած քայլերուն՝ Էրտողան յատկապէս կարեւոր նկատած է Սերպիոյ խորհրդարանին կողմէ այս տարի Սրեպրենիչայի վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւը, որ թէեւ կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն չի ճանչնար, սակայն ներողութիւն կը խնդրէ կատարուածին համար։
«Այդ բանաձեւը պատմական քայլ էր՝ տարածաշրջանի միասնական ու խաղաղ ապագային համար», ընդգծած է Թուրքիոյ վարչապետը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ