By Asbarez | Monday, 09 July 2012
Ատրպէյճանական «Սալամ Նիուզ»ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ նախորդ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն աւելի կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: «Նոյն Հոլանտի կուսակցութիւնը առաջարկած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին՝ օրակարգ մտցնել այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը», ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Յունուար 24ին կողմ քուէարկած էր օրինագիծի ընդունման:
««Հոլանտ խոստացած է, որ կ՛ընդունի այս օրինագիծը, եւ այժմ ան կը փորձէ իրականացնել զայն: Եւ այս տեսանկիւնէն՝ ան առաւել վտանգաւոր է իր նախորդէն՝ Սարքոզիէն», շեշտած է Չաւուշօղլու:
Ըստ անոր՝ այժմ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ որոշում ընդունիլը սխալ պիտի ըլլայ, քանի որ անիկա պիտի հակասէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին:
«Ֆրանսա պէտք է դադրեցնէ այս բոլորը ու պահպանէ Թուրքիոյ հետ կապերը: Հակառակ պարագային՝ անիկա վատ կ՛անդրադառնայ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վրայ», հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Չաւուշօղլու՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս նոր էջ կը բացուի, եւ անհրաժեշտ է պահպանել զայն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ