By Armen Press | Monday, 26 July 2010
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արմէնփրէս>>.- <<Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը շարունակելու է միջազգային ճանաչման գործընթացը>>, յայտարարեց ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, երէկ Ստեփանակերտի մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Ըստ նախագահին, Լա Հէյի դատարանի՝ Քոսովոյի անկախութեան վերաբերեալ որոշումը կարեւոր իրադարձութիւն է, որ իրեն հետ կը բերէ աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ:
<<Այսօր ՀՀ նախագահն իրականացնում է մի քաղաքականութիւն, որը խիստ տարբերւում է հակառակ կողմի իրականացրած ապակառուցողական քաղաքականութիւնից>>, նշեց ան: Հայաստանի կառուցողական ջանքերը ուղղուած են ԼՂ խնդիրի լուծման, որ, ըստ նախագահ Սահակեանի, մեծապէս գնահատուած է միջազգային հանրութեան կողմէ: Ատրպէյճան կը փորձէ իր դրսեւորումներով ձախողեցնել բանակցային գործընթացը եւ չնպաստել գործընթացի տրամաբանութեան:
<<Բանակցային գործընթացում ԼՂՀն, իր հերթին, փորձում է նպաստել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի աշխատանքներին>>, յայտնեց Բակօ Սահակեանը, ըստ որուն, այն յարաբերական խաղաղութիւնը, որ այսօր առկայ է տարածաշրջանէն ներս, ձեւաւորուած է նաեւ Մինսկի խումբի աշխատանքներուն շնորհիւ: Իսկ բանակցութիւնները այսօր մեծ արդիւնաւէտութեամբ չընթանալու պատճառը, ըստ նախագահին, ԼՂի չմասնակցիլն է:
Բ. Սահակեան համոզուած չէ, որ Քոսովոյի վերաբերեալ միջազգային ատեանի որոշումը լուրջ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Մինսկի խումբի աշխատանքներուն վրայ:
<<Ինքնանպատակ չպէտք է լինի Հայաստանի կողմից ԼՂՀ ճանաչումը, սա մի գործընթաց է, որն իր հիմնաւորումները պէտք է ունենայ: Մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ Հայաստանը պատասխանատուութիւն է կրում միջազգային հանրութեան առջեւ, ուստի չի կարելի մեղադրել Հայաստանին, որ չի ճանաչում ԼՂՀ անկախութիւնը>>, յայտնեց ԼՂՀ նախագահը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան լրագրողներուն յայտնած է նաեւ, որ շատ կանուխ է խաղաղապահներ շրջան բերելու հարցին մասին խօսելու:
<<Մենք դեռ չենք համաձայնեցրել ԼՂՀ մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին: Ի՞նչ խաղաղապահների մասին կարող է խօսք լինել>>, յայտարարած է նախագահ Սահակեան:
Ըստ Արցախի նախագահին, Ատրպէյճանի ռազմատենչ դիրքորոշման յայտարարութիւններու աշխուժացման կողքին, կը նկատուի նաեւ ատրպեճանական զինուած ուժերու կողմէ ԼՂՀ առաջապահ դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներու սաստկացում: Ատրպէյճանի քաղաքական կեցուածքը անցած է բոլոր սահմանները, ինչ որ ինքնին ահաբեկչութեան մէկ այլ տեսակ է, յայտնած է նախագահը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ