Ատրպէյճանի Պետական Քարիւղի Հիմնադրամի Հարստութիւնը Կը Հասնի 32.6 Միլիառ Տոլարի

By Asbarez | Monday, 23 July 2012

ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ.ազ».- 2012ի առաջին կիսամեակին, Ատրպէյճանի պետական քարիւղի հիմնադրամի եկամուտը հասած է 7.4 մանաթի, իսկ ծախսերը՝ 4.88 միլիառ մանաթի, որուն հետեւանքով հիմնադրամին հարստութիւնը աճած է՝ հասնելով 32.6 միլիառ տոլարի: Երկուշաբթի, Յուլիս 23ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Շահմար Մովսումով:

Հիմնադրամը գումարներ տրամադրած է զարգացման եւ շինարարական շարք մը ծրագիրներու, ատրպէյճանցի գաղթականներու եւ ուսանողներու, ինչպէս նաեւ այլ ընկերային պետական ծրագիրներու:

comments