Կիւլ Ղարաբաղի Հարցով Ուաշինկթընէն Եւ Մոսկուայէն Յաւելեալ Աջակցութիւն Կ՛ուզէ

By Asbarez | Monday, 16 August 2010

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Ուրբաթ, Օգոստոս 13ին յայտնած է, թէ կը փափաքի ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման հասնիլ քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղիներով եւ այդ նպատակով իր կարելին պիտի ընէ:

Անոր համաձայն, շրջանին մէջ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար անհրաժեշտ է լուծել ղարաբաղեան խնդիրը: «Մեզ կը վշտացնէ այն փաստը, որ մեր մէկ միլիոն եղբայրները փախստականներ են», ըսած է ան, աւելցնելով, թէ Ուաշինկթընէն Եւ Մոսկուայէն յաւելեալ աջակցութիւն կ՛ակնկալէ այս հարցին մէջ:

Թուրքիոյ նախագահին համաձայն, Կովկասի ներկայ իրավիճակը ոչ մէկ կողմի համար նպաստաւոր է: Ան ցաւ յայտնած է, որ միջնորդական առաքելութիւնը ստանձնած ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը չէ կրցած արդիւնքի հասնել: «Մենք կ՛ուզենք, որ խումբը մօտենայ հակամարտութեան լուծման, բայց այսօր խումբի այցերը տարածաշրջան զբօսաշրջային բնոյթ ունին կարծես: Ուստի նոր քայլեր պէտք են», պնդած է Թուրքիոյ նախագահը:

comments