Թուրքիա Իրանին 600 Միլիոն Տոլարի Տուգանք Վճարած Է

By Reuters | Monday, 16 August 2010

ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Իրանի հետ իր կնքած կազի ներածման պայմանագիրի պայմանները խախտելուն համար, Իրանի 600 միլիոն տոլար տուգանք վճարած է։

Թրքական «Պոթաշ» եւ Իրանի պետական կազի ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան համաձայն, Թուրքիան պարտաւոր է Իրանէն օրական երեսուն միլիոն խորանարդ կազ ներածել, սակայն անցեալ տարի թրքական ընկերութիւնը աւելի նուազ կազ գնած է։

Իրանի քարիւղի նախարար Սայետ Մասուտ Միրքազեմի հարցին առնջութեամբ նշած է, որ «կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան պայմանագիրի դրոյթներուն. այս պարագային, Թուրքիան չկատարելով պայմանգրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, պէտք է համապատասխան տուգանք վճարէ»։

«Մեհր»ի հաղորդումով, վերջերս Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի միջեւ նոր համաձայնութիւն ստորագրուած է, որու հիմամբ կը նախատեսուի Ատրպէյճանի տարածքէն տարեկան 500 միլիոն խորանարդ կազ ներածել Թուրքիա, ուրկէ, առանց տարանցման վճարումներու, Թուրքիա ատրպեճանական կազը պիտի արտածէ Նախիջեւան։

comments