Ռուսիոյ Բնակչութեան Թիւը Կը Նուազի, Իսկ Ափրիկէինը Կ'աճի

By Asbarez | Monday, 23 August 2010

Ամերիկեան Ազգաբնակչութեանց տեղեկատու գրասենեակին կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրին համաձայն, 2009ին Ռուսիոյ բնակչութեան թիւը շարունակած է նուազիլ, իջնելով 142 միլիոնի։ Կ՛ակնկալուի, որ տարիներու ընթացքին երկրի բնակչութեան թիւը շարունակէ նուազիլ ու 2025ին կրնայ հասնիլ 133 միլիոնի, իսկ 2050ին՝ 117 միլիոնի։

Ըստ նոյն կազմակերպութեան տուեալներուն, 2009ին՝ երկրագունդի բնակչութեան թիւը 6.8 միլիառ էր ու 2025ին պիտի հասնի 8.1 միլիառի, իսկ 2050ին՝ 9.4 միլիառի։

Կանխատեսումներու հեղինակները կը հաւաստիացնեն, որ ամենաարագ կշռոյթով կ՛աւելնայ Ափրիկէ ցամաքամասի բնակչութիւնը եւ 2050ին անոր թիւը կրկնապատկուած պիտի ըլլայ, հասնելով 2.1 միլիառի։ Իսկ Ասիան ներկայիս անկէ կրկնապատիկ անգամ աւելի մեծ թիւով բնակչութիւն ունի եւ կ՛ակնկալուի, որ Ասիոյ բնակչութիւնը 2050ին աւելնայ 1.3 միլիառով։ Այդ ցուցանիշը գլխաւորաբար կախեալ է աշխարհի մէջ ամենաշատ բնակչութիւն ունեցող երկու երկիրներուն՝ Հնդկաստանի ու Չինաստանի ժողովրդագրական պատկերէն։

Ամերիկացի հետազօտողներուն կարծիքով, Եւրոպա սկսած է վերածուիլ ծերացող ցամաքամասի մը, ծնունդներու ցած մակարդակի հետեւանքով։

Ներկայիս աշխարհի մէջ կ՛ապրին 738 միլիոն եւրոպացիներ։ Ամերիկայի մէջ բնակչութիւնը 310 միլիոն է եւ կանխատեսումներու համաձայն, 2050ին Ամերիկայի բնակչութիւնը կրնայ հասնիլ 399 միլիոնի:

comments

Advertisement