Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատ Կը Դրուատէ Բանակը

By Asbarez | Wednesday, 01 August 2012

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1ին, մինչ Հալէպի մէջ բախումները կը շարունակուէին զինեալ ընդդիմութեան եւ սուրիական բանակին միջեւ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Բանակի օրուան առիթով իր հրապարակած խօսին մէջ դրուատեց «ահաբեկչական խմբաւորումներու»ն դէմ պայքարող բանակին մարտունակութիւնը եւ անոր «պողպատեայ կամքը»՝ աւելցնելով, թէ բանակին նորագոյն արշաւը պիտի վճռէ երկրիրին ճակատագիրը:

Չորեքշաբթի օր ընդդիմադիրները յայտարարեցին, թէ հիւսիսային Հալէպի մէջ գրաւած են երեք ոստիկանատուներ, սակայն կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ ընդդիմադիրները արդէն իսկ կը նահանջեն քաղաքէն: Հալէպի Սալահետտին եւ Պապ Նէյրապ թաղամասերուն մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցած էին անցած քանի մր օրերուն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթը արագացնելու ջանքերը համակարգելու նպատակով՝ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան Յուլիս 31ին, մինչ սուրիական ընդդիմութիւնը Գահիրէի մէջ իր գումարած ժողովին ընթացքին կազմեց 15 անդամներէ բաղկացած «Սուրիական յեղափոխութեան վարչական խորհուրդ»ը, որուն պարտականութիւնն է Սուրիոյ մէջ փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը կազմել: Խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ Հայսամ Մալեհ, որ ընդունեց ըմբոստներուն հետ միասնաբար փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելը:

Խորհուրդը գրասենեակներ պիտի ունենայ Լիբանանի, Յորդանանի, Թուրքիոյ ու Իրաքի մէջ, իսկ վարչակարգի տապալումէն ետք՝ Սուրիա պիտի փոխադրուի:

Նաեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Խալետ Չաուիք այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի եւ անոր օգնականին հետ քննեց Սուրիոյ վերաբերող հարցեր:

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով, Հալէպի մէջ ստեղծուած կացութեան առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնեց՝ ամբաստանելով կարգ մը լրատուամիջոցներ՝ դէպքերու կանխահաս լրատուութիւն կատարելու համար: Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ «Հալէպի մէջ կացութիւնը իրապէս աղէտալի է եւ յստակ է, որ կարգ մը գրգռիչ լրատուամիջոցներ կը փորձեն բոլոր ձեւերով ընդդիմութեան ձախողութեան վնասուց հատուցում կատարել»:

comments