* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Օպաման Իսրայէլի Եւ Իրանի Հարցերով Զգուշացուցած Է Թուրքիան

Monday, 23 August 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: usa, turkey

ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթը Կիրակի, Օգոստոս 15ին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը անձնապէս զգուշացուցած է: Ըստ թերթին, Օպամա ազդարարած է, որ եթէ Թուրքիա Իսրայէլի եւ Իրանի նկատմամբ իր կեցուածքները չփոխէ, Միացեալ Նահանգներէն իր ուզած զէնքերը պիտի չստանայ։

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Օպամա այս զգուշացումը կատարած է անցեալ Յունիսին, Թորոնթոյի մէջ, Քսաններու խմբակի ժողովին ծիրէն ներս իրենց երկկողմանի հանդիպումին ընթացքին։ Օրաթերթը կը նշէ, որ Ուաշինկթըն շատ յուսախաբ կը զգար այդ ամիս ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իրանի դէմ պատժամիջոցներուն դէմ քուէարկելու Թուրքիոյ որոշումէն:

Օպամայի վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին փոխանցած է, թէ Օպամա Էրտողանին յայտնած է, որ Թուրքիոյ կարգ մը արարքները Քոնկրեսին մէջ հարցականներ ստեղծած են Թուրքիոյ վստահելիութեան շուրջ, որու հետեւանքով, Օպամայի վարչակազմին դժուարութիւն պիտի ունենայ Քոնկրեսին մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարին հարկաւոր Թուրքիոյ պահանջած կարգ մը զէնքերը ապահովելու:

Ամերիկացի պաշտօնատարը <<Ֆայնանշըլ Թայմզ>>ին յայտնած է, որ Օպամա Էրտողանէն պահանջած է մեղմացնել <<Ազատութեան նաւատորմիղ>>ին դէմ իսրայէլեան յարձակումին քննադատութեան ոճը, եւ Էրտողանին յայտնած է, որ Թուրքիան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իրանի դէմ պատժամիջոցներուն շուրջ քուէարկութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դաշնակից երկիրի մը պէս չէ վարուած։

Օրաթերթը կը նշէ, որ ամերիկեան վարչակազմը այս տարի Թուրքիոյ մեծ քանակութեամբ զէնքեր ծախելու շուրջ արտօնութիւն ստանալու համար Քոնկրեսին դիմում չէ ներկայացուցած։

Երկուշաբթի օր, Օպամա հերքեց Թուրքիոյ ազդարարած ըլլալու մասին տեղեկատուութիւնը:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement