Պաքու Նախիջեւանի Մէջ Թրքական Խարիսխ Հաստատելու Ծրագիր Չունի

By Էյ.Փի.Էյ | Wednesday, 01 September 2010

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>>.- Հակառակ սահմանադրական արգելքներու վերացման, Ատրպէյճան այս հանգրուանին ծրագիր չունի իր տարածքին մէջ օտար պետութեան մը ռազմակայան տեղակայելու, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով:

Ան աւելցուցած է, որ ամէն ինչ կախեալ է Ատրպէյճանի ցանկութենէն եւ Թուրքիոյ պատրաստակամութենէն։

Անցեալ շաբաթ լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ Օգոստոս 16ին Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին կնքուած «Ռազմավարական համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին» թուրք-ատրպեճանական համաձայնագիրը, որուն բովանդակութիւնը չէ հրապարակուած, կը բովանդակէ այնպիսի դրոյթներ, որոնք թոյլ կու տան Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայան տեղակայել։

comments

Advertisement