By Մարմարա | Monday, 20 September 2010
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Հրանդ Տինքի անունով հիմնուած կազմակերպութեան այս տարուան մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը կայացաւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15ի գիշեր, <<Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ>> համերգասրահին մէջ։
Թուրքիոյ մէջ տարուած աշխատանքին համար, մրցանակի արժանի նկատուեցաւ զինուորական պարտադիր ծառայութեան դէմ գալու իրաւունքի կազմակերպութեան առաջնորդ Մեհմետ Թարհան:
Միջազգային գետնի վրայ, այս տարուան մրցանակին արժանացաւ սպանացի դատաւոր Պալթազար Կարզոն Ռէալ, որ յայտնի է Փինոշէի նման մենատէրներու դէմ իր աշխատանքով:
Իր ելոյթին ընթացքին, Կարզոն ցաւ յայտնեց, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր ուրացումի կ՛ենթարկուի Թուրքիոյ մէջ:
Հանդիսութեան խօսնակն էր Լալէ Մանսուր ու բեմի վրայ ելոյթներ ունեցան արուեստագէտներ Քարտեշ Թիւրքիւլէր եւ Արթօ Թունչպոյաճեան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ