Ալիեւի Ներումով՝ Հայ Սպան Կացինահարած Ռամիլ Սաֆարով Ազատ Կ՛արձակուի

By Asbarez | Friday, 31 August 2012

 

ՊԱՔՈՒ.- 2004ի Փետրուար 19ին, Պուտափեշթի մէջ Հայաստանի Զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժանաբար սպաննած Ռամիլ Սաֆարով, որ հունգարական օրէնքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր, յանձնուած է ատրպեճանական իշխանութեանց եւ արդէն իսկ փոխանցուած է Պաքու, ուր անմիջապէս ներումի արժանացած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ:

Հունգարիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղւոյն իշխանութիւններէն բացատրութիւն պահանջած է Սաֆարովը Ատրպէյճանին յանձնելու եւ Ալիեւի կողմէ զայն ազատ արձակելու քայլին շուրջ:

Հունգարիոյ հանրային կառավարման եւ արդարադատութեան նախարարութիւնը, Ռամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանին յանձնելու մասին «Արմէնփրէս»ի հարցումին ի պատասխան՝ վկայակոչած է Դատապարտուած անձերու փոխանցման վերաբերեալ 1983թ. Սթրազպուրկի համաձայնագիրը (1983 Strasbourg Convention on the Transfer of Sentenced Persons), ըստ որուն՝ յանցագործը ընդունող կողմը անոր պատիժի կրումը կամ փոփոխումը պէտք է տնօրինէ՝ ստանձնող երկիրի իրաւական եւ վարչական գործընթացներուն համաձայն:

«Քանի որ Ադրբեջանի կողմից ընդունուել են կոնվենցիայի (համաձայնագիրի-Խմբ.) պայմանները, Հունգարիայի հանրային կառավարման եւ արդարադատութեան նախարարութիւնն այսօր իրականացրել է Ռամիլ Սաֆարովի տեղափոխումն Ադրբեջան: Կոնվենցիայի համաձայն՝ փոխանցելուց յետոյ պատժաչափը տնօրինւում է միայն այն պետութեան օրէնսդրութեամբ, որին յանձնւում է դատապարտեալը», արձանագրուած է Հունգարիոյ հանրային կառավարման եւ արդարադատութեան նախարարութեան տուած պատասխանին մէջ:

Հունգարացիներու տուած բացատրագիրին մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ ընդունող երկիրը յանցագործին պատիժը իրականացնելու պարագային, պէտք է կաշկանդուի դատապարտող երկիրի վճիռին իրաւական բնոյթով եւ պատժաչափով:

Ատրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութիւնը հունգարական կողմին հաւաստիացուցած է, որ յանցագործութիւնը, որուն համար պատիժ սահմանուած էր Սաֆարովին, այնպիսի՛ յանցակազմ կը պարունակէ, որ, ըստ Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքին՝ կը դատապարտուի ցմահ բանտարկութեան:

comments

Advertisement