Հունգարիոյ Հոգեւոր Առաջնորդը Սաֆարովի Հարցով Կը Զօրակցի Հայ Ժողովուրդին

By Asbarez | Tuesday, 04 September 2012

Հունգարիոյ հոգեւոր առաջնորդ եւ երկրին Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համագումարի նախագահ կարտինալ Փթեր Էրտօ ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ուղղուած իր նամակին մէջ զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին՝ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ անոր ներում շնորհելու առընչութեամբ:

Կարտինալը դատապարտած է նաեւ ազգային պատկանելիութեան հիմամբ կատարուող բռնութիւնն ու ատելութիւնը՝ հայցելով, որ Աստուած պահպանէ եւ արդարութեան ու խաղաղութեան շնորհներով օրհնէ համայն հայ ժողովուրդը:

comments

Advertisement