Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Խաչը Տեղադրուած Է

By Asbarez | Monday, 04 October 2010

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1ին կը հաղորդէ, որ Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը արդէն տեղադրուած է։ Կը նշուի, թէ «թեքնիք հարցերու պատճառով» կարելի չէր եղած խաչը տեղադրել մինչեւ Սեպտեմբեր 19՝ պատարագի մատուցման օրը։

Լրատու գործակալութեան համաձայն, այժմ արդէն 130 ս.մեթր լայնութեամբ, 2.5 մեթր երկարութեամբ եւ 70 քիլոկրամ կշռող երկաթէ խաչը, արդէն ամրացուած է եկեղեցւոյ գմբէթին։ 3-4 ժամ տեւած խաչի տեղադրման գործողութեան ընթացքին ժամանակաւորապէս դադրած են կղզի ելքն ու մուտքը։

 

comments

Advertisement