* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Թուրք Ազգայնամոլները Նամազ Կ՛ընեն Անիի Մայր Տաճարին Մէջ

Monday, 04 October 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, ani

«Պի.Պի.Սի.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1ին, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի գլխաւորութեամբ, Անիի Մայր տաճարին մէջ, որ վերածուած է մզկիթի, տեղի ունեցաւ ցուցադրական նամազ մը, որուն մասնակցած են հարիւրաւոր թուրք ազգայնամոլներ, մինչ տասը հազար հոգիի մասնակցութիւնը կ՛ակնկալուէր:

Մշակոյթի նախարարութիւնը, որ նախապէս վերապահութեամբ մօտեցած էր այս ծրագիրին, Հինգշաբթի կէսօրին արտօնութիւն տուած էր, որ այս նախաձեռնութիւնը իրականացուի, ապա, ըստ «Մարմարա»ի, կուսակցութիւնը տենդագին պատրաստութեան լծուած է՝ նամազի այս արարողութիւնը լիարժէք կերպով օգտագործելու համար: Կարսի մէջ բարձրախօսներ զետեղուած են՝ տեղւոյն բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ մերձակայ նահանգներու ժողովուրդը հրաւիրելով նամազին մասնակցելու ու ներկայ գտնուելու Պահչելիի ճառախօսութեան։ Նաեւ, որոշուած է աղօթքի եկողներուն գորգ տրամադրել Անի մտնելու ընթացքին: Հակառակ այն իրողութեան, որ որոշուած էր որեւէ տեսակի դրօշակի կամ վերտառութեան գործածութիւնը չարտօնել, երկու հազար թրքական դրօշակ բաժնուած է եկուորներուն։

Թրքական մամուլը դիտել կու տայ, որ նամազի այս որոշումը կը յաջորդէ Սումելայի մէջ՝ յոյներուն, իսկ Աղթամարի մէջ՝ հայերուն տրուած աղօթքի արտօնութեան։

Նամազի նախաձեռնութիւնը պատճառ դարձաւ, որ թրքական մամուլը տեղեկութիւններ հաղորդէ Անիի Մայր տաճարի պատմութեան ու ճարտարապետական մանրամասնութիւններուն մասին։ Թերթերը նաեւ կը նշեն, թէ 1064 թուականին, երբ Ալփասլան առաջին անգամ Կարս մտաւ, այս եկեղեցիին մէջ նամազ ըրաւ ու այս պատճառաւ, ներկայիս նախկին եկեղեցին կը կոչուի «Ֆեթհիյէ» մզկիթ։

Անիի աւերակները մինչեւ 2002 թուական, զինուորական առաջին կարգի արգիլեալ գօտի էին, սակայն 2002ին արգելքը վերցուեցաւ, ու այդ թուականէն ի վեր Թուրքիա այցելող հայերը մնայուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Անիի նկատմամբ։ 2006ին վարչապետ Էրտողան, իսկ 2008ին նախագահ Կիւլ այցելած են Անիի աւերակները։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement