Խարբերդի Որբանոցին Համար Կառուցուած Է Նոր Մասնաշէնք

By Նիուզ | Monday, 04 October 2010

ԱՐԱՐԱՏ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Սեպտեմբեր 29ին մասնակցած է Խարբերդի մանկատան (որբանոց) նոր մասնաշէնքի բացումին, որ կառուցուած է մանկատան չափահաս սաներուն խնդիրները լուծելու նպատակով:

Ըստ ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան տուեալներուն, նոր մասնաշէնքի 2007ին սկսած շինարարական աշխատանքներուն համար, պետական պիւտճէէն յատկացուած է շուրջ 600 միլիոն դրամ։

Կատարելով նոր մասնաշէնքին բացումը՝ ՀՀ վարչապետը շրջած է կահաւորուած սենեակներուն մէջ, ծանօթացած երեխաներու խնամքի եւ ապրելակերպի պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց ստեղծագործութիւններուն, ապա ծառ տնկած՝ մանկատան բակին մէջ:

Մանկատան տնօրէն Յարութիւն Բալասանեան, իր ելոյթին մէջ կարեւոր համարած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի դերը՝ մանկատան գործունէութեան մէջ:

Նշենք, որ 1953ին ստեղծուած մանկատունը՝ իբրեւ հասարակական-առողջապահական հաստատութիւն, կը զբաղի 6-18 տարեկան հաշմանդամ երեխաներու խնամքով: Շուրջ 277 երեխաներէն 120ը չափահաս է. անոնք այսուհետեւ պիտի ապրին նոր մասնաշէնքին մէջ:

 

comments