Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանը Կը Քննէ Ուրացողին Հարցը

By Էն.Թի.Վի. | Saturday, 16 October 2010

Թրքական <<Էն.Թի.Վի.>> պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը սկսած է քննելու Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան նախագահ ու <<Էրկենեքոն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան գործով կալանաւորուած Տողու Փերինչեքի հայցը, ընդդէմ զուիցերիական արդարադատութեան։

Լօզանի քաղաքային դատարանը Մարտ 2007ին, Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը ուրանալուն համար, Փերինչեքը դատապարտած էր 90 օրուան ազատազրկման, որ կրնար փոխարինուիլ 9 հազար զուիցերիական ֆրանք տուգանքով։ Աւելի ուշ Զուիցերիոյ վճռաբեկ ատեանը մերժած էր Փերինչեքին ներկայացուցած վճիռին բողոքարկումը, որմէ ետք անոր փաստաբանը՝ Լորան Մորէյն, դիմած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան։ 

comments

Advertisement