Հրանդ Տինքի Ընտանիքին Փաստաբանը Պիտի Դատուի

By Էյ.Էն.Էֆ | Saturday, 16 October 2010

ՊՈԼԻՍ.- <<Էյ.Էն.Էֆ.>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ <<Ակօս>> շաբաթաթերթի սպաննուած խմբագրապետ Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Հաքան Պաքըրճըօղլու պիտի դատուի <<տրապիզոնցիները վիրաւորելու>> մեղադրանքով, որովհետեւ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը արտօնած է դատական գործի սկսիլ Տինքի ընտանիքի փաստաբանին դէմ։

Ըստ լրատու գործակալութեան, Պաքըրճըօղլուի եւ Տինքի սպանութեան գործով Տրապիզոնի կիսազինուորական ուժերու նախկին հրամանատար գնդ. Ալի Էօզի փաստաբան Ալի Սիւրմենի միջեւ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած էր, Տրապիզոնի դատարանի նիստէն ետք։

Նիստի աւարտին, Ալի Սիւրմեն մերժած էր պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն՝ յայտարարելով, որ <<որեւէ տեղեկութիւն տրամադրելը>> արգիլուած է։ Սակայն այդ պահուն Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Պահրի Պելեն յայտնած էր, որ յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 25ին, որուն ընթացքին Տինքի սպանութեան առնչութեամբ դատարանը պիտի լսէ հետախուզութեան ծառայութեան որոշ աշխատակիցներու վկայութիւնները։ Այդ յայտարարութենէն ետք Սիւրմեն յանդիմանած էր Տինքի ընտանիքի փաստաբանը՝ ըսելով. <<Եթէ ըսելիք բան ունիք, կանգնեցէք եւ ըսէք, ու բարի եղէք սպասել պատասխանին, այլ ոչ թէ երեխաներու պէս ըսէք ու հեռացէք>>։

Սիւրմենի այդ յանդիմանութեան հակազդած էր Տինքի ընտանիքի մէկ այլ փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուն՝ ըսելով. <<Դուք լաւ գիտէք ինչպէս մարդ սպաննել, այնպէս չէ՞>>։

Ալի Սիւրմեն այդ խօսքերուն պատճառով դիմած էր Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւն՝ խնդրելով թոյլատրել դատական գործի սկսիլ Հաքան Պաքըրճըօղլուի դէմ։

Առաջին դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 1ին։

Միւս կողմէ, <<Հրանդ Տինքի ընկերները>> Երեքշաբթի օր Պէյօղլուի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, թէ իրենք Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով կարգ մը հարցումներ ուղղած են պետական հաստատութիւններու ու ստացած են այնպիսի պատասխաններ, որոնք կարծել կու տան, թէ պետութիւնը կը ծաղրէ զիրենք։

Իւմիտ Քըվանչ, որ կարդաց պատրաստուած հաղորդագրութիւն մը, ըսաւ որ պետական շրջանակներու զանազան հարցումներ ուղղած էին, երբ տեսած էին, թէ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք պաշտօնական անձնաւորութիւններ հարցաքննութեան չէին ենթարկուած, սակայն գոհացուցիչ պատասխան չեն ստացած։

Երբ լրագրողներ հարց տուին Քըվանչին, թէ իրենք իրենց յոյսը կտրա՞ծ են պետութենէն, ան պատասխանեց. <<Մենք խումբ մը մարդիկ ենք, որոնց մէկ ընկերը սպաննուեցաւ, ու հիմա մենք արդարութիւն կը պահանջենք. որմէ՞ պիտի ուզենք այդ արդարութիւնը>>։ 

comments