Թուրքիա Կը Խոստանայ Պաշտպանել Նախիջեւանը

By Էյ.Փի.Էյ. | Monday, 01 November 2010

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>>.- Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի հարցերով պետական նախարար Զաֆեր Չակլայեան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հանդիպում մը ունեցած է Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպովի հետ, ապա յայտարարած է, թէ Թուրքիա յոյժ կարեւոր կը նկատէ Նախիջեւանը, եւ այդ պատճառով ալ պիտի պաշտանէ զայն:

Ատրպէյճանցի գործարարներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, ան նաեւ վստահեցուցած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանները պիտի չբանայ այնքան ատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չէ լուծուած: 

comments

Advertisement