Հնդիկ Բեմադրիչը Կ՛ուզէ Շարժապատկեր Պատրաստել Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

By Asbarez | Monday, 15 October 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Շաքար Քափուր նշանաւոր հնդիկ բեմադրիչն ու արտադրիչը պիտի այցելէ Երեւան՝ նոր ժապաւէնի պատրաստութեան կարելիութիւնները սերտելու համար։

«Հայաստան պիտի մեկնիմ 1915 թուականի հայկական կոտորածներուն մասին ուսումնասիրելու եւ եթէ կարելի ըլլայ հետագային ժապաւէն պատրաստելու նպատակով», գրած է Քափուր՝ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ։

Շաքար Քափուրը նշանաւոր գործիչ է շարժապատկերի աշխարհին մէջ. Բրիտանիոյ թագուհիին նուիրուած անոր կենսագրական ժապաւէնը արժանացած է ամերիկեան շարժապատկերի հիմնարկի մրցանակի՝ 7 բաժանմունքներուն մէջ։

comments

Advertisement