«Ղարաբաղի Վերաբերեալ» Բանաձեւը ՆԱԹՕի Վեհաժողովի Օրակարգէն Հանուած Է

By Փանորամա | Tuesday, 09 November 2010

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԽՎ) մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Կարէն Աւագեան յայտնած է, թէ «ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի այս նստաշրջանի օրակարգէն «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ» բանաձեւին նախագիծը հանուած է:

Ան նշած է, թէ սկիզբէն իսկ հայկական կողմը դէմ եղած է, որ ԼՂ հիմնախնդիրին վերաբերող բանաձեւ քննարկուի ՆԱԹՕի ԽՎին մէջ, քանի որ այդ հիմնախնդիրին հետ կապուած բանակցութիւնները կ՛ընթանան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափէն ներս: «Սակայն, երբ բանաձեւի նախագիծը մտցուեց օրակարգ, հայկական կողմը հանդէս եկաւ համապատասխան «շտկող» առաջարկութիւններով», աւելցուցած է Կ. Աւագեան:

Յիշեցնենք, որ այս բանաձեւի նախագիծին առնչութեամբ, ՆԱԹՕի ԽՎ ղեկավարին նամակ յղած էր ոչ միայն ՆԱԹՕի մօտ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Կարէն Աւագեանը, այլ նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը:

comments

Advertisement