Էրտողան Դարձեալ Կը Մեղադրէ Հայկական Սփիւռքի Որոշ Հատուած Մը

By Asbarez | Sunday, 14 November 2010

ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիա կրնայ Հայաստանի հետ ունենալ բարեկամական յարաբերութիւններ։

«Թուրքիա որեւէ պետութեան թշնամի չէ։ Մենք անցեալին տեղի ունեցած ցաւօտ իրադարձութիւնները ապագայի տեսլականի ձեւաւորման հարցին մէջ երբեք չենք օգտագործած։ Մեր ազատագրական պայքարը յաղթանակով պսակելէ ետք, այդ բոլոր երկիրներուն հետ նոր ժամանակաշրջան սկսանք եւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատեցինք։ Ատիկա կրնանք ընել նաեւ Հայաստանի հետ։ Պատմութիւնը պատմաբաններուն ու գիտնականներուն ձգելով՝ կրնանք միասին քալել դէպի ապագայ։ Կը հաւատամ, որ ատիկա դեռ կարելի է։ Սակայն հայկական Սփիւռքի մէկ որոշ հատուած մը, հարցին նման տեսլականով չի մօտենար, ինչ որ խոչընդոտներ կը ստեղծէ գործընթացին համար», յայտարարած է Էրտողան։

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Էրտողանի այդ յայտարարութիւնները մեկնաբանած է իբրեւ «Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» թերթին միջոցով՝ Հայաստանին ուղղուած պատգամ»։

Անդրադառնալով պոլսահայ համայնքի գործունէութեան՝ Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է. «Ես մեծ գնահատանքով կը հետեւիմ Թուրքիոյ հայ համայնքի՝ երկրին ներքին խաղաղութեան ու զարգացման համար գործադրած ջանքերուն։ Հայ համայնքը կը դիտեմ իբրեւ Թուրքիոյ հարստութիւնը»։ 

comments

Advertisement